Արցախի Կարմիր Շուկայի յարակից դիրքերէն ատրպէյճանցի զինծառայողները անկանոն կրակ բացած են գիւղի ուղղութեամբ. Մեքենայ մը այրած է:
Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը յորդորած է «Կուկլին» զերծ մնալ հեռացնելէն թուային քարտէզներէն Արցախի հայկական տեղանունները:
Հայաստանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ երկիրներու ղեկավարներուն տեսակապով համաժողովը:
ՀԱՊԿ-ի մէջ Հայաստանի նախագահութեան առանցքային առաջնահերթութիւններէն է ճգնաժամային արձագանքման միջոցներու ամրապնդումը. Փաշինեան
ՀԱՊԿ ուժերը Ղազախստանի մէջ պիտի մնան այնքան ժամանակ, որքան անհրաժեշտ ըլլայ . Փութին:
Յունուար 10-ը Ղազախստանի մէջ համազգային սուգի օր է։
Տոկաևը Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւնները անուանեց յեղաշրջման փորձ:
Ժնևի մէջ անվտանգութեան երաշխիքներու հարցերով ռուս-ամերիկեան նախնական բանակցութիւնները կայացան:
Վիեննայի մէջ միջուկային ծրագիրի բանակցութիւններու մասնակիցներուն անհամաձայնութիւնները նկատելիօրէն պակսած են. Իրանի փոխ Արտաքին գործոց նախարար:
Հայաստանի մէջ հաստատուած է քորոնայի հիւանդութեան 126 նոր դէպք: Առողջացած է 99, մահացած՝ 3 անձ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան