Պաքուն կը հրաժարի իր պարտաւորութիւնները կատարելէն՝ չի վերադարձներ բոլոր ռազմագերիները. ըսած է Արարատ Միրզոյեան Սերկէյ Լաւրովին հետ հանդիպումին:
Ղարաբաղեան հիմնահարցի կարգաւորման նպաստելու համար երկու կողմերը պէտք է լրջօրէն մեղմեն հռետորաբանութիւնը. ըսած է Սերկէյ Լաւրով:
Հայաստանի և Ատրպէյճանի միջև խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ որևէ բանակցութիւն չկայ. ըսած է Արարատ Միրզոյեան:
ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ռուսաստանցի համանախագահն ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը Պաքուի մէջ քննարկած են հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարը:
Ամերիկան Աֆղանիստանէն դուրս հանած է իր ամբողջ զօրակազմը՝ աւարտելով երկրի ամենաերկար պատերազմը։
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիր կազմակերպութիւնը Աֆղանիստան զօրք ուղարկելու մտադրութիւն չունի, ըսած է կառոյցի գլխաւոր քարտուղար Ստանիսլաւ Զաս։
Այս տարի առաջին դասարանցիներուն համար ուսումնական տարին սկսաւ Օգոստոս 31-ին:
Օրուան քորոնայի թիւերը․ հաստատուած է հիւանդութեան 524 նոր դէպք: Ունինք 361 առողջացած, մահուան 14 դէպք։
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան