Կոչ կ՛ընենք աւելցնել միջազգային ճնշումը Ատրպէյճանի վրայ՝ պահանջելով անյապաղ ազատ արձակել հայ գերիները, ըսած է Արարատ Միրզոյեան:
Մարտակերտի մէջ յայտնաբերուած ատրպէյճանցի զինծառայողը կալանաւորուած է:
Ավստրիոյ կանցլերը շնորհաւորած է Հայաստանի վարչապետը՝ նշանակման առիթով:
Աշխատանքային այցով Ռուսաստան մեկնած Արարատ Միրզոյեան հանդիպումներ կ՛ունենայ Սերկէյ Լաւրովին և Ստանիսլաւ Զասին հետ:
Հայաստանի քննչական ծառայութիւնը նիւթեր կը նախապատրաստէ Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած ծեծկռտուքի դէպքով:
Զինծառայողներու հարազատները պիտի ներգրաւուին 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողովի աշխատանքներուն:
Մենք առաջուան պէս մեր միջազգային ճանաչման համար պայքարող կայացած անկախ պետութիւն ենք. ըսած է Արցախի Արտաքին գործոց նախարարը:
Հրթիռակոծուած է Քապուլի օդակայանը, կան զոհեր։
Եվրամիութիւնը կը պատրաստուի արգիլել ազատ մուտքն Ամերիկայէն՝ քորոնայի պատճառով:
Օրուան քորոնայի թիւերը․ հաստատուած է հիւանդութեան 275 նոր դէպք: Առողջացած է 373, մահացած՝ 7 անձ:
Անի Զէյթունցեան