Անհրաժեշտ է ձևաւորել կազի, նաւթի և նաւթամթերքի ԵԱՏՄ ընդհանուր շուկայ. Եվրասիական տնտեսական միութեան միջկառավարական խորհուրդի՝ ընդլայնուած կազմով նիստին ըսած է Հայաստանի վարչապետը:
Փութինն ու Մաքրոն քննարկած են Ղարաբաղեան հիմնախնդիրը:
Սերկէյ Լաւրով շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արարատ Միրզոյեանին՝ Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին նշանակուելու առիթով և Մոսկուա հրաւիրած։
Արարատ Միրզոեան եւ Դաւիթ Բաբայեան ընդգծած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջանակներուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերսկսման անհրաժեշտութիւնը:
Օգոստոս 25-էն Հայաստանի մէջ ընթացք կ՛առնեն եռամսեայ վարժական հաւաքներ:
Թուրքիոյ խորհրդարանի ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու տեմոքրատական» կուսակցութեան պատգամաւոր Կարօ Փայլան երկրի օրէնսդիր մարմնին մէջ խօսեցաւ Անգարայի հայկական գերեզմանոցը գանձագողերէն պաշտպանելու անհրաժեշտութեան մասին:
Օրուան քորոնայի թիւերը․ հաստատուած է հիւանդութեան 508 նոր դէպք: Առողջացած է 293, մահացած՝ 5 անձ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան