Գեղարքունիքի հատուածին հակաօդային պաշտպանիչը խոցած է Ատրպէյճանի Aerostar անօթաչու թռչող սարքը. Պաշտպանութեան նախարարութիւն:
Առաւօտեան թշնամին դիպուկահար զէնքերէն և տարբեր տրամաչափի զինատեսակներէն կրակ բացած է Երասխի հատուածին տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ։
Եվրոպայի անվտանգութեան և համագործակցութեան կազմակերպութեան նախագահը կողմերուն կոչ ըրած է կատարել Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութիւնը:
Ատրպէյճան-հայկական սահմանին տեղի ունեցած վերջին զինուած միջադէպերը մտահոգութիւն կ՛առաջացնեն․ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն:
Կը դատապարտենք յատկապէս Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու վերջին յայտարարութիւնները, այսպէս կոչուած «Արևմտյան Զանգեզուր»-ի և Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը ատրպէյճանական «նախնիներու երկիր» կոչելու վերաբերեալ. Եվրոպայի պատգամաւորներու կոչը:
Արմէն Գրիգորեան Հայաստանի մէջ Կարմիր խաչի պատուիրակութեան ղեկավարին հետ հանդիպումին ընդգծած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու հայրենադարձման անհրաժեշտութիւնը:
Օրուան Քորոնայի թիւերը․ հաստատուած է հիւանդութեան 264 նոր դէպք: Առողջացած է 199, մահացած 4 անձ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան