Գիշերը ժամը 03։40-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանական զինուած ուժերը յարձակած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի հիւսիս արևելեան ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Մարտական գործողութիւններ՝ Սոթքէն մինչև Վերին Շորժա:
Ատրպէյճանական ստորաբաժանումները, կորուստներ տալով, յետ շպրտուած են իրենց ելման դիրքեր՝ յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Հայկական կողմն ունի 3 զոհ, 5 վիրաւոր:
Հայաստան գործի կը դնէ միջազգային իրաւունքով վերապահուած իր ռազմաքաղաքական ամբողջ գործիքակազմը, ըսուած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրքերու հրամանատարութեան միջնորդութեամբ պայամանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է հիւսիս արևելեան ուղղութեամբ հայ-ատրպէյճանական զօրքերու շփման գիծի հրադադարի կարգը վերականգնելու։
Ռազմական լուծումը փակուղի կը տանի՝ ըսած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը:
Օրուան Քորոնայի թիւերը․ հաստատուած է հիւանդութեան 280 նոր դէպք: Առողջացած է 99 անձ, մահուան դէպք չէ արձանագրուած:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան