Հայաստանի Զինուած ուժերը անօդաչու թռչող սարքերով կասեցուցած են Հայաստանի օդային տարածք մուտք գործելու թշնամիին փորձը։
Գեղարքունիքի մարզին մէջ թշնամիի հետ փոխ հրաձգութեան հետևանքով վիրաւորուած 3 զինծառայողներէն մէկուն վիճակը ծայրայեղ ծանր է, կը տեղեկացնէ Քննչական կոմիտէն։
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը Կիպրոսի հարցով Թուրքիոյ դիրքորոշումը քննադատող յայտարարութիւն ընդունած է:
Ամերիկայի Քոնկրեսը կարող է քուէարկել Ատրպէյճանը ռազմական օգնութենէն զրկելու փոփոխութեան հարցի վերաբերեալ։
Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Սայէտ Խաթիբզատէն շուտափոյթ խաղաղութեան հաստատման կոչ ըրած է։
Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Ճափոնի կայսր Նուրիհիտոյի և վարչապետ Սուգա Եօշիհիտէյի հետ․ քննարկուած են հայ-ճափոնական յարաբերություններու խորացման կարելիութիւնները։
Եւ օրուան Քորոնայի թիւը ․ հաստատուած է հիւանդութեան 250 նոր դէպք, առողջացած է 162, մահացած՝ 5 անձ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան