Ատրպէյճանի հերթական սադրանքը սահմանին: Գեղարքունիքի հատուածին տեղի ունեցած է փոխ հրաձգութիւն, թեթևակի վիրաւորուած է 3 հայ զինծառայող: Ատրպէյճանական կողմը յայտնած է մէկ զոհի մասին:
Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը պէտք է որոշուի բանակցութիւններով՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի շրջանակին մէջ՝ ըսած է Ժոնաթան Լաքոտ:
Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հետևողական արտաքին քաղաքականութիւն կը վարէ՝ ուղղուած Արցախի ռազմավարական շահերու պաշտպանութեան և խթանման՝ գերատեսչութեան յայտարարութիւնը՝ հիմնադրութեան 28-ամեակի առիթով:
Գուրգէն Մարգարեանի գործով Եվրոպական դատարանի վճիրէն մէկուկէս տարի անց Ատրպէյճան հրաժարած է կատարել Մարդու իրաւունքներու եվրոպական դատարանի պահանջքը:
Ռուսաստան յոյս ունի, որ ոչ ոք չի ցանկար ստուգել ՀԱՊԿ-ի ուժը՝ ըսած է Սերկէյ Լաւրով:
Օրուան քորոնայի թիւերը․ հաստատուած է հիւանդութեան 221 նոր դէպք: Առողջացած է 120, մահացած՝ 4 անձ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան