Ատրպէյճանական զինուած ուժերը շարունակած են հրաձգային զինատեսակներէն գնդակոծել հայ-ատրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածին տեղակայուած հայկական դիրքերը:
Երասխ համայնքի ղեկավարը բեկորային վնասուածքով վիրաւորուած է:
Նախագահի հրամանագիրով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Վաղարշակ Յարութիւնեան հեռացած է պաշտօնէն:
Ամբողջ աշխարհը պէտք է ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Եվրախորհրդարանի ֆրանսացի պատգամաւոր Նաթալի Լուազօ:
Ռուսաստանի փոխ Արտաքին գործոց նախարարն ու ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի թեման:
Գործարկուած է «Ատրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւնները» անունով եռալեզու նոր կայքը:
Օրուան քորոնայի թիւերը. հաստատուած է հիւանդութեան 194 նոր դէպք: Առողջացած է 102, մահացած՝ 3 անձ:
Անի Զէյթունցեան