Այսօրուընէ Առաջինի լրատուական ալիքը կը սփռուի: Լրատւութիւն, քաղաքական եւ վերլուծական հաղորդումներ, հարցազրոյցներ, ուղիղ միացումներ, մետիա գրագիտութեան դասեր: Առաջինի նոր լրատուական ալիքը մայրաքաղաքի հեռուստացանկին վրայ թիւ 18-ն է:
Ընտրակաշառք տալու եւ ստանալու դէպքի առիթով քրէական գործ յարուցուած է, երկու անձ բերման ենթարկուած:
Կաշառակերութեան դէմ պայքարին դեռ կան մարտահրաւէրներ. Ռուստամ Բադասեան ՄԱԿ-ի Գլխաւոր նստաշրջանին տեսաուղերձ յղեց:
Ամերիկայի պետական քարտուղարութիւնը ճամփորդութեան համար Հայաստանի աստիճանը չորրորդ մակարդակէն երրորդի իջեցուց:
Խաղաղապահներու տեղակայման հատուածին լուրջ միջադէպեր չկան, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը պէտք է վերջնական համաձայնեցնել ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի մասնակցութեամբ, ըսած է Սերգէյ Լաւրով:
Մեր երկրին մէջ հաստատուած է թագաժահրի հիւանդութեան 99 նոր դէպք: Առողջացած է 81, մահացած՝ 11 անձ:
Անի Զէյթունցեան