Սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքներ սկսելու հարցով Հայաստանի դիրքորոշման, նախապայմաններու շուրջ կարծիքների փոխանակում. Նիկոլ Փաշինեանն ու Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցած են:
Հայաստան կարեւոր կը նկատէ՝ Եվրասիական տնտեսական միութեան համար կազի ընդհանուր շուկայի ձեւաւորումը. Փաշինեան՝ ելոյթ ունեցաւ Եվրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի հերթական նիստին:
Մարդու իրաւունքներու եվրոպական դատարանի Հայաստանի ներկայացուցիչը վեհաժողովի զեկուցողին հետ հանդիպման կարեւոր նկատած է հայ գերիներու վերադարձի հրատապութիւնը:
Կոչ կ՛ընենք Թուրքիոյ հրաժարիլ ցեղային գործօնը որպէս աշխարհաքաղաքական գործիք օգտագործելու քաղաքականութենէն. ըսած է Մարիա Զախարովան:
Լիթվացի խորհրդարանականները մտահոգութիւն յայտնած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութեան կապակցութեամբ։
Մեր երկրին մէջ այսօր հաստատուած է թագաժահրի հիւանդութեան 140 նոր դէպք: Առողջացած է 484, մահացած՝ 7 անձ:
Անի Զէյթունցեան