Հայաստանի հաւաքականը՝ J խումբի առաջատարն է. մեր ընտրանին 3:2 արդիւնքով յաղթեց Ռումանիային:
Փոփոխութիւններ Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ. անցում կը կատարուի պարզ համամասնական ընտրակարգի:
Համալսարաններուն մէջ ընդունելութիւնը կը կատարուի երկու հանգրուանով. դիմորդները առաջինին՝ կ՚ընտրեն մէկ մասնագիտութիւն:
Կառավարութիւնը կ՚աջակցի պատերազմի հետեւանքով վիրաւորուած անձերուն հետ աշխատանքային պայմանագիր կնքած ընկերութիւններուն:
Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները հեռախօսազրոյց ունեցած են. քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, Հարաւային Կովկասի մէջ երթեւեկութեան աշխատանքներու ընթացքը։
Օրուան քորոնայի թիւերը․ հաստատուած է թագաժահրի հիւանդութեան 1097 նոր դէպք: Առողջացած է 617, մահացած՝ 18 անձ:
Անի Զէյթունցեան