Բարեփոխումները պէտք չէ հակադիր ու թշնամական ըլլան մեր իրականութեան․ Վարչապետը խորհրդակցութիւն ունեցաւ Կրթութեան Գիտութեան Մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան Նախարարութեան մէջ:
Վազգէն Մանուկեանի կողմէն՝ իշխանութիւնը զաւթելու, սահմանադրական կարգը բռնի տապալելու առթիւ յարուցուած քրէական գործը՝ մեղադրական եզրակացութեամբ ուղարկուած է դատարան:
Լեռնային Ղարաբաղը բաւականին բարդ գործողութիւն էր, ըսաւ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերգեյ Շոյգուն ղազախական լրատուականին տուած հարցազրոյցին մէջ:
Իսկ Արցախի մէջ շինարարական բուռն աշխատանքներ կ՛ընթանան. 21 առանձնատուն կը վերակառուցուի Մարտակերտ շրջանի Չարեքտար գիւղին մէջ:
Եւ օրուան քորոնայի թիւերը․ հաստատուած է 854 նոր դէպք, ունինք՝ 211 ապաքինուած, մահուան 5 դէպք:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան