Ինչպէս անցեալին, նաեւ այսօր իր ճգնաժամային օրերուն Լիբանանահայութիւնը կը զօրակցի Արցախին։
Այսօր մէկ կողմ դնելով տնտեսական, ընկերային տարբեր տեսակի դժուարութիւններ՝ Երկրին անապահով անկայուն վիճակը, Լիբանանահայութիւնը հաւաքուած է հոս բարձր դատապարտելու համար Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմի նախայարձակ Ազրպէյճանն ու լիիրավ զօրակիցը ցեղասպան Թուրքիան։
Ընդհառաջելով Հ.Յ.Դ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի կոչին Ուրբաթ 9 հոկտեմբեր 2020ի երեկոյեան ժամը 8:00ին Լիբանանահայութիւնը բազում շարքերով ներկայացաւ Պուրճ Համուտի Շաղշոյեան կեդրոնի կից գտնուող կառատուն մասնակցելու Արցախի զօրակցութեան հանրահաւաքին եւ իր բողոքի կոչը բարձրացնելու համայն աշխարհին։
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները լսելէ ետք ներկաները վայրկեան մը ոտնկայս լռութեամբ յարգեցին անմահ զոհերու յիշատակը։
Ցուցադրուեցան հայոց քաջարի բանակի յաղթանակը նկարագրող տեսաերիզներ։
Խօսք առին Հ. Յ.Դ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին ու Կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեանը։
Յակոբ Բագրատունի արաբերէն լեզուով արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ որ ցեղասպանութենէն 105 տարի անց ազերիներուն եւ թուրքերուն թոռնիկները կը փորձեն աւարտել այն ինչ որ ձախողեցան ընել իրենց նախնիները, իրականացնել իրենց փանթուրանական երազները։ Անոնք կրկին յարձակում կը գործեն հայերուն դէմ կարծես արգիլուած ըլլայ հայերուն իրենց պապենական հողին վրայ ապրիլ եւ բարգաւաճիլ։ Ան արաբական երկիրներուն կոչ ուղղեց կանգնելու հայութեան կողքին անոր պայքարին մէջ նշելով որ հայերը միշտ աջակցած են արաբական դատերուն։
Հաւաթեանը թշնամին դատապարտող իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ միջազգային ընտանիքը ի տես այս կացութեան տակաւին պատերազմը կասեցնելու վճռական քայլերու չէ դիմած եւ զբաղած տնտեսական ու ռազմական հաշուարկներով։
Հայ ազգը ամբողջ դարձած է հայոց բանակ պատերազմի դաշտին վրայ եւ հանրային կարծիքի մօտ բարձրաճակատ ու անկոտրում կամքով կը մղէ իր գոյամարտը։ Պահանջատէր Լիբանանահայութիւնը այս գոյամարտին մասնակիցն է ու անկեղծ կամաւորը։
Ան տեղեկացուց, որ Լիբանանի Արցախ ֆոնտը որ անցած 25 տարիներուն իր բազմաթիւ նախաձեռնութիւններով զօրավիգ կանգնած է Արցախին այսօր կազմակերպած է ժողովրդային հանգանակութիւն։
Ծեր, մանուկ ու երիտասարդ, եռագոյն դրօշն ի ձեռին համայնքի երգիչներուն կատարած հայրենասիրական երգերուն ներքոյ շնորհակալութիւն յայտնեցին հայոց քաջարի բանակին որ սխրանքներով կը պաշտպանէ մայրենի հողը ետ շպրտելով թշնամին։
Հանրահաւաքին նախօրդեց Հ.Յ.Դ Լ.Ե.Մ ի կազմակերպած ինքնաշաժներու երթը։ Հայոց Դրօշը ծածանող ինքնաշարժներու խճողումը գրաւեց տեղացի հասարակութեան ուշադրութիւնը։
Հայն ուր որ ալ ըլլայ տէր է իր մայր հողին, դատին, պատմութեան ու մշակոյթին։
Յաղթանակի գրաւականը միասնականութիւնն է: Հայաստանը, Արցախն ու Սփիւռքը միասնական են։ Հաղթելո՛ւ ենք:
Հեղինակ՝ Փաթիլ Մկրտիչեան