Այս ընտրութեան համար ազգովին թանկ գին վճարած ենք. Ազատ Արցախը կը տօնէ անկախութեան հռչակման 29-րդ տարեդարձը:
Գլխաւորն Արցախի անվտանգութիւնն է, որևէ ուրիշ տարբերակ չի կրնար քննարկուիլ. Արայիկ Հարութիւնեանն ամփոփեց պաշտօնավարման 100 օրերը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը ճշտէ Նախիջեւան ահաբեկիչներու մուտքի մասին լուրերը: Աննա Նաղդալեանը նաեւ յստակեցուց ՝ Արցախի հարցին մէջ Թուրքիան միջնորդ չի կրնար ըլլալ:
Արմաւիրի և Երեւանի մէջ արձանագրուած է ալքոհոլի թունաւորման 4 նոր դէպք, դէպքերու ընդհանուր թիւը 27 է, 14-ը՝ մահուան ելքով:
«Պռոշեան քոնեակի գործարանին մէջ» տեղի ունեցած հրդեհէն տուժած 4 հիւանդի վիճակը կը շարունակէ մնալ ծայրայեղ ծանր:
«Էրեբունի-Երեւան» տօնակատարութեան այս տարուան պիւտճէյի մօտ 80%-ը կ՛ուղղուի Մհեր Մկրտչեանի և Պատանի հանդիսատեսի թատրոններու վերանորոգման։
Եւ ֆիլմ-աշխարհի մէջ առաջին խոշոր միջոցառումը համաճարակի սկսելէն ի վեր. այսօր կը մեկնարկէ Վենետիկի փառատօնը։
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան