Յառաջիկային մեծ իրադարձութիւններ կը սպասենք, որոնք կապուած են TRIPP նախագիծի գործարկման հետ. Փաշինեան:
Թուրքիան շահագրգռուած է Ատրպէյճանի և Հայաստանի միջև խաղաղութեան հաստատմամբ. Ֆիտան:
Հունկարիոյ խորհրդարանի ընտրութիւններուն՝ Օրպանի կուսակցութիւնը պարտուեցաւ ընդդիմադիր Փեթեր Մատիարի ուժին դէմ:
Հայաստանի վարչապետը շնորհաւորեց Մատիարը յաղթանակին առիթով. ընտրութիւններու արդիւնքը ողջունեց նաև Եւրոպան:
Ամերիկայի Զինուած ուժերը պիտի սկսի իրանեան նաւահանգիստներու շրջափակումը:
Իրան այլևս չի կրնար քարիւղ վաճառել. Թրամփ:
Հորմուզի նեղուցին շրջափակումը պիտի շարունակէ բացասաբար ազդել միջազգային շուկային վրայ. Փեսքով:
Լիբանանի մէջ Իսրայէլի յարձակումներուն հետևանքով զոհերու թիւը 2000-ը անցաւ:
Եթէ ես չըլլայի Սպիտակ տան մէջ, Լևոն 14-րդը Վատիկանի մէջ չէր ըլլար. Թրամփ:
Հռոմի Պապը յայտարարած է, որ Թրամփէն չի վախենար։
Անի Զէյթունցեան