Արարատ Միրզոյեան մասնակցած է ԵՄ Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի ձևաչափով տեղի ունեցող հանդիպումին:
Ատրպէյճանի տարածքով դէպի Հայաստան ցորենի մատակարարումները կը շարունակուին, ճամբան նոր խմբաքանակներ կան. Պապոյեան:
Եւրամիութիւնը Հայաստանին կ՛աջակցի խառնածին սպառնալիքներու դէմ պայքարին. Քալաս:
Պերլինի մէջ Ուքրանիոյ և Ամերիկայի պատուիրակութիւնները 20 կէտ պարունակող խաղաղութեան ծրագիրը քննարկած են:
Ամերիկան և Ուքրանիան յառաջընթացք արձանագրած են խաղաղութեան բանակցութիւններու առաջին օրը. Ուիթքոֆ:
Ուքրանիան պատրաստ է հրաժարիլ ՆԱԹՕ միանալու իր ձգտումներէն Ամերիկայի ու Եւրոպայի կողմէն անվտանգութեան երաշխիքներու դիմաց. Զելենսքի:
Թրամփ յայտարարած է, որ Ուաշինկթընի մէջ Հաղթանակի կամար մը կը կառուցուի, որը պիտի գերազանցէ աշխարհի բոլոր նման ձևի կառոյցներուն:
Սիտնիի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան զոհերու թիւը 16-ի հասած է. Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն դատապարտեց ահաբեկչութիւնը իր բոլոր ձևերով:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան