Վարչապետի կառավարական օդանաւը Մոսկուայի օդային տարածքի ժամանակաւոր փակ ըլլալուն պատճառով վայրէջք չէ կատարած. Փաշինեան Ս․ Փեթերպուրկէն Մոսկուա մեկնած է:
Փաշինեան մասնակցած է Եւրասիական միջ-կառավարական խորհուրդի նեղ կազմով նիստին:
Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորումը և սահմանի բացումը հիմա բոլորովին ուրիշ պարունակ ունին. Փաշինեան:
Ռուսական ուժերը Քրեմենչուկի մէջ ուժանիւթի կառոյցներուն վրայ յարձակած են:
Զելենսքին Գերագոյն խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ Ուքրանիոյ մէջ նախագահի ընտրութիւն կազմակերպելու կարելիութիւնը քննարկած է:
Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունեց 2026 թուականի պաշտպանութեան պիւտճէի օրինագիծը, որը 901 միլիառ տոլար կը կազմէ:
Ամերիկացի զինուորականները Վենեզուելլայի ափերուն քով քարիւղի լցանաւ մը կալանած են. Քարաքաս այն որակեց «կողոպուտ և միջազգային ծովահէնութեան գործ»:
Թաիլանտ և Քամպոտիա փոխադարձ հարուածներ հասցուցած են:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան