Բարձր կը գնահատենք Սէուտական Արաբիոյ՝ Հայաստանի և Ատրպէյճանի միջև հաստատուած խաղաղութեան աջակցող դիրքորոշումը. Միրզոյեան։
TRIPP նախագիծը պիտի նպաստէ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու առևտուրը աշխուժացնելու, պիտի օգնէ տարածաշրջանի ժողովուրդներուն. Թրամփ։
Հռոմի Լևոն XIV Պապը առաջին արտասահմանեան այցելութեան ընթացքին պիտի աղօթէ Պոլսոյ հայկական եկեղեցւոյ մէջ։
Եւրամիութիւնը կասեցուց Վրաստանի մասնակցութիւնը անվտանգութեան և յանցաւորութեան դէմ պայքարի նախագիծերուն. «Ռուսթաւի 2»։
Թրամփ յայտարարեց Աբրահամեան համաձայնագրերուն Ղազախստանի միանալու մասին։
Ամերիկայի ծերակուտականները Հունկարիոյ կոչ ըրած են դադրեցնել ռուսական քարիւղի գնումները. Bloomberg։
Ամերիկայի Ծերակոյտը արգելափակած է բանաձևը, որը կը խանգարէ Թրամփին յարձակիլ Վենեզուելայի վրայ առանց Քոնկրեսի արտօնութեան. Reuters։
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը Սուրիոյ նախագահին և Ներքին գործոց նախարարին դէմ պատժամիջոցները վերացուց. Reuters:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան