Ատրպէյճանի ստորաբաժանումները կրակ բացած են Խոզնավարի ուղղութեամբ. վնասուած է բնակելի տուն մը. Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւն:
Կը շարունակենք Ատրպէյճանի հետ քննարկել, որպէսզի սահմանային միջադէպերու հետաքննութեան միջոց մը ստեղծենք. Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար:
Մեր Զինուած ուժերը խոհեմ և հաւասարակշռուած գործողութիւններ կ՛իրականացնեն, որևէ լարուածութեան աճի գործողութիւն Հայաստանէն հնարաւոր չէ սպասել. Արմէն Խաչատրեան:
Այլևս չենք փափաքիր հակամարտութիւն տեսնել Հարաւային Կովկասի մէջ. Էրտողան:
Ֆիտան և Լաւրով քննարկած են Սթամպուլի մէջ ռուս-ուքրանական բանակցութիւններու հարցը:
Զելենսքի պատրաստակամութիւն յայտնած է Թրամփին և Փութինին հետ հանդիպելու:
Մոսկուայի մէջ անօդաչուն բնակելի տան մը մէջ մխրճուած է:
Անչափ հիասթափուած եմ Ուքրանիոյ ուղղութեամբ քանի մը գիշեր առաջ տեղի ունեցած յարձակումներէն. Թրամփ:
Թրամփ Իսրայէլին կոչ ըրած է զերծ մնալ Իրանի հետ բանակցութիւնները խաթարող քայլերէն:
Իլօն Մասք կը հեռանայ պետական ծառայութենէն:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան