Մեծ հաշւով խաղաղ, անվտանգ կեանքը եղած է Ղարաբաղեան շարժման բովանդակային նպատակը, և մենք պիտի շարժինք այդ նպատակին ընդառաջ. Նիկոլ Փաշինեան ուղերձ յղեց Ղարաբաղեան շարժման 35-րդ տարեդարձին առիթով:
Արցախի ժողովուրդը կը շարունակէ իր պայքարը յանուն պատմական հայրենիքին մէջ իր անկախ գոյութեան. Արտաքին գործոց նախարարութիւն:
Արցախի Ազգային ժողովը կոչ կ՛ընէ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներուն գործնական քայլերով կանխելու Ատրպէյճանի էթնիկ զտումներու քաղաքականութիւնը:
Եւրամիութեան դիտորդական առաքելութեան գլխաւոր շտապը պաշտօնապէս բացուեցաւ Եղէգնաձորի մէջ:
Պայտըն անակնկալ այցելութեամբ Քիև ժամանեց՝ Զելենսքիին հետ բանակցութիւններու:
Մենք թոյլ չենք տար Իրանին միջուկային զէնք ձեռք բերելու և ամրանալու մեր հիւսիսային սահմաններուն երկայնքով. Նեթանիահու:
Ամերիկայի պետական քարտուղարը Թուրքիա մեկնած է՝ Ամերիկայի աջակցութիւնը յայտնելու թրքական կողմին աւելի քան 41.000 մարդու կեանք խլած աւերիչ երկրաշարժէն յետոյ։
Ռուսական զինուած ուժերը ոչնչացուցած են Արևմուտքէն Ուքրանիա տրամադրուած ռազմական զինամթերքի մեծ մասը. Ռուսաստանի արտաքին հետախուզութեան ծառայութիւն:
Անի Զէյթունցեան