Տեղի ունեցաւ Երևանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեանի երդման արարողութիւնը:
Մեր օրակարգի կարևորագոյն խնդիրներէն մէկը պետական կառոյցներու կայացումն է. Նիկոլ Փաշինեան:
30 տարի առաջ այս օրը Միացեալ Նահանգները ճանչցաւ Հայաստանի անկախութիւնը: Այսօր նաև Հայաստանի և Ուքրանիոյ միջև դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակն է:
Ասկերանի մէջ 4 բնակելի տուներ արդէն պատրաստ են շահագործման:
Ճարտարի բնակիչը սպաննուած է հեռահար կրակոցով. ատրպէյճանական կեղծ վարկածը հերքող ապացոյցներ:
Պաքուի մէջ անկախ լրատուամիջոցները բողոքած են իրաւունքներու սահմանափակման դէմ:
Վլատիմիր Փութինի նախաձեռնութեամբ Դեկտեմբեր 28-ին Պետերպուրգի մէջ պիտի կայանայ Անկախ պետութիւններ համագործակցութեան երկիրներու ղեկավարներուն ոչ պաշտօնական հանդիպումը:
Պենտագոնը նախատեսած է հետախուզական տուեալներ տրամադրել Քիևին Ռուսաստանի գործողութիւններու մասին. New York Times-ի անդրադարձը:
Սուրբ Ծննդեան օրը Հռոմի Պապը կոչ ըրաւ աւելի շատ համերաշխութիւն ցուցաբերելու աղքատութեան մէջ ապրողներուն:
Եւ օրուան քորոնայի թիւերը․ հաստատուած է հիւանդութեան 118 նոր դէպք, առողջացած է 328, մահացած՝ 3 անձ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան