Ստեփանակերտ-Շուշի-Բերձոր-միջպետական ճանապարհը երկկողմանի բաց է, երթևեկը կ՛ապահովէ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը, յայտնեց Արցախի Ներքին Գործոց նախարարութեան ոստիկանութիւնը:
Շուշիի անցակէտին քով պատահած դէպքին հետևանքով հայ վիրաւորներ և տուժածներ չկան, Արցախի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան յայտարարութիւնը:
Շուշի-Բերձոր միջպետական ճանապարհին տեղի ունեցած դէպքին մասնակից Ստեփանակերտցի բնակիչըյանձնուեցաւ Արցախի Քննչական կոմիտէ:
ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու գործունէութիւնը պիտի կեդրոնանայ մարդասիրական հարցերու լուծման ուղղութեամբ, ըսաւ Լաւրով:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի. ռումանացի պատգամաւորի յայտարարութիւնը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը Փարիզի մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Արարատ Միրզոյեան և Ֆրանսայի Արտաքին գործոց պետական քարտուղարը քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման առնչուող հարցեր:
Եւ օրուան քորոնայի թիւերը. հաստատուած է 1251 նոր դէպք, առողջացած է 2192, մահացած՝ 39 անձ: