Այս պահու դրութեամբ Հայաստանի վարչապետին և Ատրպէյճանի նախագահին միջև որևէ հանդիպում չէ նախատեսուած. Արտաքին գործոց նախարարութիւն:
Փեսքով մեկնաբանեց Փաշինեան-Փութին-Ալիև հանդիպումի մասին լուրը. եթէ նման համաձայնութիւն ձեռք բերուի, Քրեմլին կը տեղեկացնէ:
Դիլիջանի մէջ աշխատանքները սկսած են «Միտքերու հայկական գագաթաժողովը» Նախագահ Սարգսեանի բարձր հովանիին ներքոյ:
Վարչապետ Փաշինեան ելոյթ ունեցաւ «Միտքերի հայկական գագաթաժողովին»:
Երկրի սահմաններուն թշնամիներու առկայութիւնը Իրանի կարմիր գիծն է. Իրանի ոստիկանութեան սահմանապահ ուժերու հրամանատարի յայտարարութիւնը:
Ուաշինկթըն պատրաստ է Իրանի հետ ուղիղ բանակցութիւններու միջուկային գործարքի շուրջ:
Անգարան սկսած է Ամերիկայէն F-16 կործանիչներու ձեռքբերումը:
Եւ օրուան քորոնայի թիւերը․ հաստատուած է հիւանդութեան 1962 նոր դէպք, առողջացած է 1219, մահացած՝ 31 անձ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան