Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Եռաբլուր այցելեց, ծաղիկներ խոնարհեց Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի զոհերու շիրիմներուն՝ յարգանքի տուրք մատուցելով հերոս հայորդիներու յիշատակին:
Վարչապետ Փաշինեանին ներկայացուեցաւ Կեանքի պուրակ նախագիծը:
ԼՂ հակամարտութեան համապարփակ և տևական լուծումը կ՛ենթադրէ Արցախի կարգավիճակի որոշում. Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն:
Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Սուրբ Գայեանէ վանքին մէջ: Ստեփանակերտի Աստուածամօր Սուրբ Հովանի մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ պատարագ:
Վարչապետը այցելեց Զինուորի տուն և Հայրենիքի պաշտպաններուն հետ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեց հերոսներու յիշատակին:
Նիկոլ Փաշինեան և Արայիկ Յարութիւնեան քննարկած են պատերազմի հետևանքները յաղթահարելու աշխատանքներուն ընթացքը:
Ֆրանսան ջանք չի խնայեր՝ նպաստելու ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջածիրէն ներս կողմերուն միջև երկխօսութիւն վերսկսելու. Ֆրանսայի դեսպանատուն:
Օրուան քորոնայի թիւերը․ հաստատուած է հիւադութեան 462 նոր դէպք: Առողջացած է 565, մահացած՝ 13 անձ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան