Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարն ու Եվրամիութեան յատուկ ներկայացուցիչը ընդգծած են ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի հովանիին ներքոյ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը:
Թոյվօ Քլաար վարչապետին հետ հանդիպման վերահաստատեց Եվրամիութեան քաղաքական յանձնառութիւնը՝ մեր երկրին օժանդակութիւնը շարունակելու, Հայաստանի կողմէն առաջնահերթ ուղղութիւններով:
Ազգային ժողովին մէջ առաջարկուած է քննարկում կազմակերպել Ատրպէյճանի ապօրինի գործողութիւններուն թեմայով:
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Տուշանպէ պիտի մեկնի:
Պարոնուհի Քերոլայն Քոքս հանդիպած է տեղահանուած արցախցիներու հետ:
Արշակ Կարապետեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի «Արևմուտք-2021» համատեղ ռազմավարական զօրավարժութեան դիտումին:
Վլատիմիր Փութին ներկայ պիտի ըլլայ «Արևմուտք-2021» զօրավարժութիւններու հիմնական փուլին:
Օրուան քորոնայի թիւերը․ հաստատուած հիւնադութեան 296 նոր դէպք: Առողջացած է 577, մահացած՝ 16 անձ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան