Հայ-վրացական սահմանին ընթացք առաւ նոր կամուրջի շինարարութիւնը:
Հայաստանի զինուած ուժերը չեն կրակած Գեղարքունիքի սահմանագօտիի ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ, կը հաղորդեն Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն:
Սահմանադրական դատարանը կը շարունակէ քննել արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքներու բողոքարկման դիմումները. նախագահին որպէս վկայ ներգրաւելու Հրայր Թովմասեանի միջնորդութիւնը երկրորդ անգամ մերժուեցաւ:
Արցախի մէջ խոշոր դրամաշնորհային ծրագիրներ կը սկսին։
Սուրիոյ վերաբերեալ բանաձևը Փութինի և Պայտընի հանդիպման արդիւնք է, կը հաղորդէ Սպիտակ տունը:
Աշխարհի վրայ կը մոլեգնին անտառային հրդեհներ:
Ֆլորիտայի շէնքի փլուզման հետևանքով զոհերութիւը կը հասնի 8 տասնեակի։
Հաստատուած է քորոնայի հիւանդութեան 150 նոր դէպք։ Առողջացած է 97, մահացած՝ 2 անձ։
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան