Ֆրանսան հետաքրքրութեամբ կը հետեւի Հայաստանի մէջ ձեր ձեռնարկած բարեփոխումներուն: Էմանուէլ Մաքրոն շնորհաւորեց Նիկոլ Փաշինեանը։
Ազգային Ժողովի ընտրութիւններու քարոզարշաւը Հանրայինը առաւել խիտ լուսաբանեց. Երեւանի մամլոյ ակումբ:
Հայաստանի նախագահին հրամանագիրով՝ Իշխան Մաթէոսեանն ու Արմէն Վարդանեանը հեռացած են՝ Զինուած ուժերուն մէջ իրենց ունեցած պաշտօններէն։
Արցախի Մարդու իրաւունքի պաշտպանը ՄԱԿ-ի առցանց քննարկումին անդրադարձաւ գերիները ապօրինաբար Ատրպէյճանի մէջ պահելու խնդիրին։
Քոնկրեսական Ատամ Շիֆ դատապարտեց Պաքուի մէջ հայ ռազմագերիներուն դէմ սկսած դատը:
Ատրպէյճանական պաստառները վերցուեցան Պարշելոնայի մեթրոյի կայաններէն։
Տնտեսական աճի ցուցանիշը 2021 Մայիսին աւելցած է 10.9%-ով՝ նախորդ տարուան համեմատ:
Օրուան քորոնայի թիւը․ հաստատուած է հիւանդութեան 102 նոր դէպք: Ունինք 111 առողջացած, մահուան դէպք չէ արձանագրուած։
Անի Զէյթունցեան