Ամերիկան և Իսրայէլը բուռն գնդակոծութեան ենթարկած են Թեհրանն ու Սպահանը:
Իրան հարուածած է Իսրայէլը. հրթիռակոծուած են Պաղտատը, Սէուտական Արաբիան, Քուէյթը, Պահրէյնը, Ապու Տապին, Տուպայի միջազգային օդակայանը:
Մաքրոն Փեզեշքիանին կոչ ըրած է դադրեցնել տարածաշրջանի երկիրներուն վրայ յարձակումները և վերականգնել նաւարկութիւնը Հորմուզի նեղուցով:
Թրամփ չէ բացառած, որ Չինաստան այցելութիւնը յը յետաձգէ, եթէ Պէյճինկ չհամաձայնի օգնել Հորմուզի նեղուցի անվտանգութեան ապահովման հարցով:
Թեհրանի մէջ վառելիքի պահեստներուն ռմբակոծութիւնը միջազգային իրաւունքի խախտում է, Իսրայէլ պէտք է պատժուի. Արաքչի:
Պուտափեշտ պիտի արգիլէ Ուքրանիոյ 90 միլիառ եւրօ վարկի և այլ նիւթական աջակցութիւն տրամադրելը. Սիարթօ:
Իսրայէլի բանակը Լիբանանի մէջ «Հըզպալլա»-ի դէմ ցամաքային գործողութիւններ սկսած է:
Անի Զէյթունցեան