Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան չի մասնակցիր 13 Հոկտեմբերին Պիշքեկի մէջ կայանալիք ԱՊՀ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան երկիրներու ղեկավարներու հանդիպման:
Պատմական պայմաններ ստեղծուած են հայ-ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման համար. Ալիև:
Խաղաղապահներուն հետ կապուած սկզբունքային հարցերը Մոսկուան կը քննարկէ Պաքուի հետ. Զախարովա:
Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղ կեանքի հաստատման և վստահութեան ամրապնդման ժամանակն է. Լաւրով:
Էրտողան յայտարարած է, թէ Հայաստանէն կ՛ակնկալէ խաղաղութեան ու բարգաւաճման միտուած քաղաքականութիւն:
Ատրպէյճան ուժանիւթի ոլորտի վերականգնման համար սարքեր կը փոխանցէ Ուքրանիոյ:
Իսրայէլի դէմ ամբողջ գործողութիւնը Պաղեստին ինքնուրոյն կազմակերպած է. Ալի Խամենէի:
Ռուսաստան կը փորձէ օգնել Իսրայէլին և Պաղեստինին կարգաւորման ուղիներու որոնման հարցով. Փեսքով:
Ֆրանսան, Գերմանիան, Իտալիան, Մեծ Բրիտանիան և Ամերիկան դատապարտեցին յարձակումը Իսրայէլի դէմ համատեղ յայտարարութեամբ:
Կազզայի հատուածէն Իսրայէլի ուղղութեամբ արձակուած է առնուազն 4500 հրթիռ. Իսրայէլի Պաշտպանութեան բանակ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան