Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան միջնորդութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած է երեք հիւանդ:
Արարատ Մելքումեան նշանակուած է Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար. ան պիտի փոխարինէ Վիտալի Բալասանեանին:
Չեմ հասկնար՝ թէ ինչու Եւրամիութիւնը այսքան լուռ է. եւրոպացի պատգամաւորը Արցախի շրջափակման մասին: ԵԱՀԿ-ի մէջ Ամերիկայի ներկայացուցիչը Ատրպէյճանին և Ռուսաստանին կոչ ըրաւ վերականգնել Լաչինի միջանցքով երթևեկութիւնը:
Մարդու իրաւունքներու միջազգային ընկերութիւնը նախազգուշացուց Արցախի մէջ 120 000 բնակչութեան համար ստեղծուած մարդասիրական աղէտի մասին:
Ամերիկայի Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի 15-րդ քուէարկութեան արդիւնքով յաջողուած է ընտրել խօսնակ: Պաշտօնը պիտի զբաղեցնէ հանրապետականներու առաջնորդ Քէւըն Մըքքարթին:
Ալեն Սիմոնեան շնորհաւորած է Քէւըն Մըքքարթիին՝ Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ ընտրուելուն առիթով:
Ռուս-ուքրանական պատերազմը յառաջիկայ ամիսներուն չի վերջանար. Քիրպի:
Թուրքիոյ արևմուտքը երկրաշարժ պատահած է. առնուազն 50 վիրաւորի մասին կը հաղորդուի:
Անի Զէյթունցեան