Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը կրակ բացած են հայկական մարտական դիրքերու ուղղութեամբ. Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւն:
Գերիներու հարցը անընդհատ մեր ուշադրութեան կեդրոնին է. վարչապետ Փաշինեան:
ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահը Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելեց:
Ռուսաստան ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդին առաջարկած է քննարկել Ուքրանիոյ արևմտեան զէնքի մատակարարման հարցը:
Ամերիկայի նախագահՊայտըն բանակցութիւններ պիտի վարէ G7-ի, ՆԱԹՕ-ի և Եւրամիութեան հետ՝ Ուքրանիոյ օգնութեան հարցով:
Ադոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան գլխաւոր տնօրէնը Զապորոժիէ ադոմակայանի շուրջ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու հարցով խորհրդակցութիւններ սկսած է։
Վոլոտիմիր Զելենսքին տեղեկացուցած է, որ հացահատիկի համաձայնութենէն յետոյ Ուքրանիոյ նաւահանգիստներէն դուրս եկած է պարենամթերքով բեռնուած աւելի քան հարիւր նաւ, որմէ 54-ը ուղևորուած է Ասիա, 16-ը՝ Ափրիկէ, 32-ը՝ Եւրոպա:
Ուաշինկթըն դեռ կ՛ուսումնասիրէ հիւլէական գործարքի վերականգնման վերաբերեալ Իրանի վերջին առաջարկները. Պետական քարտուղարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավարի տեղակալ։
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան