Առնուազն 6 զոհ և 17 անհետ կորած՝ «Սուրմալու» առևտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետևանքով:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Սուրմալու» կեդրոնի տարածք այցելեց:
Հայկական Կարմիր խաչ ընկերութեան 100-էն աւելի աշխատակիցները մասնակցած են փրկարարական աշխատանքներուն:
Ի խորոց սրտէ կ՛աղօթենք զոհերու հոգիներու խաղաղութեան և հանգստութեան համար․ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս:
Փութին ցաւակցական հեռագիր յղած է Փաշինեանին՝ պայթումի հետևանքով մարդկային զոհերու կապակցութեամբ:
Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչը ցաւակցութիւն յայտնած է Երևանի մէջ տեղի ունեցած պայթումին տխուր առիթով:
Ցաւակցական ուղերձներ յղած են նաև տարբեր օտարերկրեայ դեսպանութիւններ և գործիչներ:
Արայիկ Յարութիւնեան ընդունած է Արցախի երրորդ պատերազմին զոհուած և անյայտ կորած զինծառայողներու հարազատներու միութեան խումբ մը անդամները:
Հայաստան մասնակցած է Իրանի մէջ տեղի ունեցող անօդաչու թռչող սարքերու ռազմական մրցոյթին:
Օգոստոս 8-14 Հայաստանի մէջ հաստատուած է քորոնայի հիւանդութեան 1713 նոր դէպք, առողջացած է 1704 քաղաքացի: Արձանագրուած է մահուան 6 դէպք:
Անի Զէյթունցեան