Սթոքհոլմի մէջ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում տեղի չէ ունեցած, յայտարարեց Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղարը:
Արտաքին գործոց նախարարը ԵԱՀԿ մամուլի ազատութեան հարցերով ներկայացուցչին հետ քննարկեց Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմի հետևանքով ստեղծուած իրավիճակը:
ՀԱՊԿ երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարները կոչ ըրած են աշխատիլ երիտասարդներու հետ՝ ահաբեկչութեան հակազդելու համար:
Թրքական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ և Ռուսաստանի ղեկավարներու հեռախօսազրոյցը, քննարկած են Սուրիոյ, Լիպիոյ, Ուքրանիոյ և Հարաւային Կովկասի մէջ իրադրութիւնը:
Human Rights Watch-ը դատապարտեց Պաքուի մէջ խաղաղ ցոյցի ժամանակ բռնութեան գործադրումը:
Թուրքիան Ուքրանիոյ աւելի շատ «Պայրաքթար»-ներ վաճառած է. Bloomberg-ի անդրադարձը:
Ամերիկան և Ռուսաստանը դիւանագիտական վիզաներու տրամադրման մէջ յառաջընթաց արձանագրած են, յայտնեցին Ամերիկայի պետական քարտուղարութենէն:
Եւ օրուան քորոնայի թիւերը․ հաստատուած է հիւանդութեան 419 նոր դէպք, առողջացած է 963, մահացած՝ 25 անձ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան