Արարատ Միրզոյեան և Մակտալենա Կրոնօն քննարկած են Հայաստան- Եւրամիութիւն գործընկերութեան օրակարգի հարցեր:
Մհեր Գրիգորեանը և Եւրամիութեան յատուկ ներկայացուցիչը քննարկած են տարածաշրջանային զարգացումները:
Հայաստանի և Ատրպէյճանի խորհրդարանական պատուիրակութիւններու երկկողմ հանդիպում տեղի ունեցած է:
Հայաստանն ու Ատրպէյճանը առկայ խնդիրները կը լուծեն բանակցութիւններու միջոցով. Քուրթուլմուշ:
Թուրքիան պիտի շարունակէ աջակցիլ Ատրպէյճանին՝ հետևելով «մէկ ազգ, երկու պետութիւն» սկզբունքին. Էրտողան:
Ռուսաստանն ու Ուքրանիան կը շարունակեն փոխադարձ հարուածները:
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը Կազայի մէջ խաղաղութեան ամերիկեան ծրագիրին աջակցող բանաձև մը ընդունեց:
Նեթանիահու ողջունած է ՄԱԿ-ի փաստաթուղթը՝ յոյս յայտնելով, որ այն պիտի նպաստէ խաղաղութեան:
ՀԱՄԱՍ քննադատած է ՄԱԿ-ի բանաձևը՝ պնդելով, որ այն պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքներն ու պահանջքները չի յարգեր։
Անի Զէյթունցեան