Ատրպէյճան Սոթքի ուղղութեամբ հրադադարը խախտած է՝ կիրառելով անօդաչուներ. հայկական կողմը ունի 2 վիրաւոր, անոնց կեանքին վտանգ չսպառնար:
Ատրպէյճան խոշոր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէն կրակած է Կութի մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ:
Շրջափակման ընթացքին Արցախի տնտեսութեան մօտ 289 մլն․ տոլարի վնաս հասցուած է:
Լարուածութիւնը Հայաստանի և Ատրպէյճանի միջև տևական ու արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու յառաջընթացքը կը խաթարէ. Փաթէլ:
Թուրքիոյ նախագահի ընդդիմադիր թեկնածուն Ռուսաստանին կոչ ըրած է չմիջամտել ընտրութիւններուն:
Փեսքով հերքեց Թուրքիոյ ընտրութիւններուն Ռուսաստանի միջամտութեան մասին մեղադրանքները:
Թայմզ թերթի տուեալով՝ Զելենսքիին մերժած են ելոյթ ունենալ Եւրատեսիլի եզրափակիչին: Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակը լուրը հերքած է:
Իսրայէլի զինուժը Կազայի հատուածին 215 թիրախ խոցած է:
Իլոն Մասք հեռացած է Twitter-ի գլխաւոր տնօրէնի պաշտօնէն. զայն կը փոխարինէ Լինտա Եակքարինօն:
Անի Զէյթունցեան