Իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է. Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւն։
Որոշ ուղղութիւններուն ատրպէյճանական զինուժը կրկին խախտած է հրադադարի պահպանման դրութիւնը. Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւն։
Վերջին շրջանին հայ-իրանական պետական սահմանի հատուածին լարուած իրավիճակ է՝ Իրանէն Հայաստան թմրամիջոցներու ապօրինի տեղափոխման պատճառով․ Ռուսաստանի Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան սահմանապահ վարչութիւն։
Փութինի և Զելենսքիի հանդիպման նախադրեալներ չկան․ Փեսքով:
ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը կոչ ըրած է դադրեցնել յարձակումները Զապորոժիէի ադոմակայանին վրայ։
Երկու բեռնանաւ եւս դուրս եկած է ուքրանական նաւահանգիստներէն և ուղևորուած Սթանպուլ։
Իսրայէլն ու «Իսլամական ճիհատը» համաձայնած են կրակը դադրեցնելու։
Չինաստան որոշած է վարժանքները շարունակել Թայուանի նեղուցը։
Օգոստոս 1-7 Հայաստանի մէջ հաստատուած է քորոնայի հիւանդութեան 1849 նոր դէպք, առողջացած է 1352 քաղաքացի, արձանագրուած է մահուան 2 դէպք:
Անի Զէյթունցեան