Հայկական կողմին համար հիմնարար է Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի որոշման հարցը. Մարուքեան հրապարակեց Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման 6 կէտերը:
Հայ-ռուսական դիւանագիտական յարաբերութիւններու 30-ամեակը նշանաւորուած է երկկողմ բարձրաստիճան փոխ այցելութիւններով. Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Ռուսաստանի հաշուիչ պալատի նախագահ Ալեքսէյ Քուտրինը:
Ալեքսէյ Քուտրինին ընդունեց Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը և փոխ վարչապետ Մհեր Գրիգորեանը: Քննարկուած են հայ-ռուսական յարաբերութիւններու օրակարգային հարցեր, տնտեսական հեռանկարներ:
Քիևի հետ բանակցութիւնները փաստացի դադրեցուած են. Փութին:
Ամերիկան և ԱՍԵԱՆ յայտարարած են Ուքրանիոյ մէջ ռազմական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցման կարևորութեան մասին:
Ամերիկան չի փոխեր Եւրոպայի մէջ մշտական ներկայութեան ուժերու թիւը. Փենթակոն:
«Մեծ եօթնեակը» քայլեր պիտի ձեռնարկէ, որ Իրան երբէք միջուկային զէնք չունենայ։
Երկիրը հիմնադրութեան պահէն կ՛ապրի «խոշորագոյն ցնցումը». Քիմ Չեն Ըն: Հիւսիսային Քորիայի մէջ քորոնայէն 21 անձ մահացած է մէկ օրուան մէջ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան