Այսօր Սպարապետ Վազգէն Սարգսեան 63 տարեկան կը դառնար: Նիկոլ Փաշինեանը այցելեց Երկրապահ կամաւորականներու միութիւն, Ալէն Սիմոնեանը՝ Վազգէն Սարգսեանի տուն-թանգարան, Սուրէն Պապիկեանը՝ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն:
Պաքուի մէջ Հայաստանի երկու քաղաքացիներուն շինծու գործով վճիռ կայացած է :Անոնք դատապարտուած են 19 և 18 տարուայ բանտարկութեան:
Ուքրանիոյ ռազմական ենթակառուցուածքներու ոչնչացման խնդիրը գրեթէ աւարտուած է, յայտնեց Փութինը:
Ուքրանիոյ երկնքը ոչ թռիչքային գօտի ստեղծելու Արևմուտքի փորձերը կը յանգեցնէին Ռուսաստանի հետ պատերազմի, Պլինքըն:
ՆԱԹՕ-ի ղեկավարութիւնը ուքրանական քաղաքներու եւ գիւղերու ռմբակոծման կանաչ լոյս վառած է , ըսած է Զելենսքին:
Ռուսաստանի ռազմական գործողութեան նպատակը Ուքրանիան մասնատելը չէ, վստահեցուց Փեսքով:
Էրտողանը Ճոնսոնի հետ քննարկած է Ուքրանիոյ մէջ Ռուսատանի գործողութիւնները միջազգային մակարդակով դատապարտելու հարցը:
Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը ժամանած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Եւ օրուան քորոնայի թիւերը . հաստատուած է 218 նոր դէպք, առողջացած է 695, մահացած՝ 12 անձ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան