Եվրամիութիւնը ողջունեց երկկրողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ աշխատելու՝ Հայաստանի և Թուրքիոյ պատրաստակամութիւնը, յայտնեց Փիթըր Սթանօն։
ՆԱԹՕ-ն կ՛աջակցի Երևանի և Անգարայի յարաբերութիւններու կարգաւորման, որը պիտի նպաստէ կայունութեան ապահովման տարածաշրջանին մէջ, ըսաւ Խավիէր Քոլոմինան:
Ամերիկան ողջունեց հայ-թրքական երկխօսութիւնը և դիւանագիտութեան ու բանակցութիւններու միջոցով առկայ տարաձայնութիւնները կարգաւորելուն ուղղուած ջանքերը, յայտնած են Պետական գերատեսչութենէն:
Չինաստանը և Իրանը յայտարարած են 25 տարուան համապարփակ համագործակցութեան ծրագիրի մեկնարկի մասին։
Եթէ Իրանի միջուկային գործարքի բանակցութիւնները չարագնան և արդիւնք չարձանագրուի, պատժամիջոցները չեն վերցուիր, Ժան-Իվ Լը Տրիան:
Ղազախստանի իրավիճակի կարգաւորման մէջ փոփոխութիւն կը նկատուի, Ստանիսլաւ Զաս։
Միացեալ Նահանգները և ՆԱԹՕ-ն պատրաստ են կրկին հանդիպելու Ռուսաստանի հետ:
Եւ օրուան քորոնայի թիւերը․ Հայաստանի մէջ հաստատուած է հիւանդութեան 293 նոր դէպք, առողջացած է 106, մահացած՝ 3 անձ: