Գլխաւոր շտապի պետի փոխանցմամբ՝ Գեղարքունիքի մարզին մէջ տեղակայուելու են ռուս սահմանապահներ։
Նաեւ ստեղծուած է Արցախեան պատերազմի ընթացքը քննող յանձնաժողով։
Նիկոլ Փաշինեան քաղաքական խորհրդակցութիւններ սկսած է արտախորհրդարանական ուժերուն հետ:
Նիկոլ Փաշինեանին եւ հայ ժողովուրդին խորհրդարանի արտահերթ ընտրութիւններուն յաղթելու առիթով շնորհաւորած են Եվրամիութիւնը, միութեան անդամ երկիրները, Ռուսաստանի, Ամերիկայի, Գանատայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնները:
Ատրպէյճանի մէջ գտնուող 13 հայ ռազմագերիներուն շինծու գործով դատավարութիւնը նշանակուած է Յուլիս 1-ին:
Յունիս 22-ը Հայրենական մեծ պատերազմի 80-ամեայ տարելիցն է: Վաղարշակ Յարութիւնեան յարգանքի տուրք մատուցեց զոհուած մարտիկներու յիշատակին:
Հայաստան կը բանակցի «Sputnik V» նոր խմբաքանակի ձեռքբերման համար:
Օրուան քորոնայի թիւը. հաստատուած է թագաժահրի հիւանդութեան 77 նոր դէպք: Առողջացած է 70, մահացած՝ 3 անձ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան