Երեւանը նոր փոխքաղաքապետ ունի: Սերկէյ Ներսէսեանը նշանակուած է Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ:
Ազգային ժողովի նախագահը հանդիպում ունեցած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ, անդրադարձ կատարուած է միջազգային համաձայնագիրներու և կրթական չափորոշիչներուն վերաբերող հարցերու:
Յայտարարուած է Հանրային հեռուստաընկերութեան գործադիր տնօրէնի թափուր պաշտօնի մրցոյթ:
Շրջուն առեւտուրը չարգիլուիր, բայց պէտք է իրականացուի բացառապէս ձեռքէ: Նոր կարգաւորումները ուժի մեջ պիտի մտնեն 2021 թուականի Յունուարէն:
Աւագանին այսօր կողմ քուէարկեց Մարտ 1-ի զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանի տեղադրման որոշումին։
Դպրոցներու անձնակազմը՝ նախքան դասերու սկսիլը, COVID 19-ի քննութիւն կը յանձնէ:
Օրուան քորոնայի թիւերը. հաստատուած է 108 նոր դէպք, ապաքինուած է 471 քաղաքացի։
Արցախի պարետի որոշումով կը վերցուի պարտադիր քորոնայի քննութեան պահանջքը: