Հայաստանի վարչապետը Եռաբլուրի մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց 44-օրեայ պատերազմին զոհուած հայորդիներու յիշատակին:
Արցախի նախագահը յարգանքի տուրք մատուցեց Արցախեան պատերազմի նահատակներու յիշատակին:
Արցախի և անոր ժողովուրդին դէմ ուժի կիրառման հետևանքով ձևաւորուած իրողութիւնները չեն կրնար հիմք հանդիսանալ հակամարտութեան լուծման համար. Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն:
Արցախը երբէք չի կրնար ըլլալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ. Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւն:
Կոչ կ՛ընենք միջազգային հանրութեան անյետաձգելի քայլեր ձեռնարկել բանակցային գործընթացը վերսկսելու նպատակով. Արցախի Ազգային ժողով:
Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան պայմանաւորուածութիւնները, ընդհանուր առմամբ կը կատարուին. Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն:
Ամերիկան կոչ ըրած է հետաքննել 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտումները:
Իսրայէլցի պատգամաւորները Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծ ներկայացուցած են:
Հաստատուած է քորոնայի հիւանդութեան 1121 նոր դէպք, առողջացած է 2191, մահացած՝ 62 անձ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան