Հայաստանի Զինուած ուժերու դիրքերը Խորհրդային միութենէն ժառանգած սահմաններուն հետ համապատասխանեցնելու գործընթացը իրականացուած է ռազմական նոր յառաջխաղացումէն խուսափելու համար. Վարչապետ Փաշինեան:
Ատրպէյճան կը շարունակէ դրսևորել ապակառուցողական մօտեցում և կը հրաժարի վերադարձնել հայ գերիները. Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը՝ Տուշանպէյի մէջ:
Արմէն Գրիգորեան Նիկոլայ Պատրուշևի հետ հանդիպման կարևոր նկատած է բոլոր ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման կարելիութիւնը:
Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը լուծուած չենք համարեր, ըսած է Հայաստանի մէջ Ամերիկայի դեսպանը:
Կաշառակերութեան դէմ պայքարի համար Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը Հայաստանին կը յատկացնէ 9․5 մլն․ տոլար:
Հայաստան Իրանին արտայանձնեց 6 դատապարտեալներ. Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանութիւն:
Տիգրան Խաչատրեան Ճափոնի դեսպանին ներկայացուց Կառավարութեան յառաջիկայ հինգ տարիներու տնտեսական ծրագիրը:
Օրուան քորոնայի թիւերը․ հաստատուած է հիւանդութեան 756 նոր դէպք: Առողջացած է 389, մահացած՝ 22 անձ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան