Հայաստանի մէջ այսօր լռութեան օր է. իսկ վաղը՝ խորհրդարանական ընտրութիւններ:
Ընտրութիւններուն ընդառաջ. նախագահը հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնին ու ոստիկանապետին հետ:
Վարանդայի շրջանին մէջ յայտնաբերուած է եւս մէկ աճիւն:
Լիւքսեմպուրկի հեղինակաւոր պարբերականը անդրադարձած է Արցախի երկրորդ պատերազմին:
Ռուսաստանը Հայաստանին կը տրամադրէ 3.2 մլն տոլար օգնութիւն` պատերազմէն յետոյ վերականգնումի համար:
Անթոնիօ Կութերեշ վերանշանակուած է՝ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար:
Իրանի նախագահ ընտրուեցաւ դատական իշխանութեան ղեկավար Էպրահիմ Ռայիսին:
Վանի մէջ յայտնաբերուած է 2800 տարուան վաղեմութիւն ունեցող ուրարտական ամրոց:
Sputnik V-ի նոր խմբաքանակը արդէն Հայաստանի մէջ:
Օրուան քորոնայի թիւը. հաստատուած է թագաժահրի 81 նոր դէպք, առողջացած՝ 106 քաղաքացի:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան