Ավելի յաճախակի դարձած են մարտական դիրքերու և սահմանամերձ բնակավայրերու ուղղութեամբ արձակուած կրակոցները. Պաշտպանութեան բանակը յայտնեց թշնամիի խախտումներու մասին։
Եվրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի դիտարկման կոմիտէն յայտարարութիւն ընդունեց՝ Ատրպէյճանին կոչ ընելով վերադարձնել հայ գերիները։
10 տարի մինչեւ 10 միլիարդ դրամ պիտի յատկացուի Արցախին. գործադիրը հաւանութիւն տուաւ համաձայնագրին։
Կառավարութիւնը 100 միլիոն դրամ տրամադրեց մօտ 10 հազար քաղաքացիի հոգեբանական աջակցութեան համար։
Գործադիրի որոշումով Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոնի տարածքը պիտի ընդլայնուի։
Ամերիկայի նախագահ Ճօ Պայտըն մտադիր է պաշտօնապէս ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը` կը փոխանցէ The Guardian պարբերականը:
Օրուան քորոնայի թիւը 881 է, առողջացած է 887, մահացած 25 անձ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան