Նոր կեանքի ձայնը դուք առաջինն էք լսողը. Հայաստանի նախագահը, վարչապետը, Ազգային Ժողովի նախագահը, միւս պաշտօնեաներն ու կաթողիկոսը շնորհաւորեցին Մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնին առիթով:
Մոսկուայի մէջ կայացաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը: Քննարկուած են ռազմավարական համագործակցութեան հարցերը, Նոյեմբեր 9-ի և Յունուար 11-ի յայտարարութիւններու իրականացման ընթացքը:
Ատրպէյճանական կողմը այսօր հայկական կողմին փոխանցած է աճիւն մը եւս՝ Վարանտայի շրջանէն, կը տեղեկացնէ Արցախի Պետական Ծառայութիւնը:
Բրիտանական «Երիտասարդ թուրքեր» կեդրոնը փոխած է անուանումը՝ երիտթուրքերու եւ ցեղասպանութեան հետ առնչութիւնը հերքելու համար:
Համաճարակի իրավիճակը մեր երկրին մէջ կայուն լարուած է, կը յայտնէ առողջապահութեան նախարարը:
Օրուան քորոնայի թիւերը 1025 է: Առողջացած է 62 քաղաքացի, մահացած՝ 20 անձ:
Անի Զէյթունցեան