• Հայ
  • Eng
  • РУС
Գեղարքունիքի մարզը սուբվենցիոն ծրագրերի մասով ամենաակտիվներից է. վարչապետը խորհրդակցություն է անցկացրել մարզպետարանում Գեղարքունիքի մարզը սուբվենցիոն ծրագրերի... 12:31
Զինծառայողների ապահովագրության հիմնադրամից հատուցում է ստացել  զոհված ևս 121 զինծառայողի ընտանիք Զինծառայողների ապահովագրության հիմնադրամից հատուցում... 11:38
Ձյան պատճառով Արցախում ժամանակավորապես դադարեցվել են աճյունների որոնողական աշխատանքները Ձյան պատճառով Արցախում ժամանակավորապես... 11:17
  • Հաղորդումներ
  • Հարձակում Արցախի վրա
  • Կորոնավիրուս
  • Քաղաքականություն
  • Տնտեսություն
  • Հասարակություն
    • Ազգային անվտանգություն
  • Իրավունք
  • Հետաքննություն
  • Բանակ
    • Իրավիճակը սահմանին
  • Արցախ
  • Արտակարգ դրություն
  • Մարզեր
  • Աշխարհ
  • Սփյուռք
  • Մշակույթ
  • Սպորտ
  • Տարածաշրջան
Սփյուռք 17:3217 Հնվ, 2021

Արևմտահայերենի նահանջն ու լեզուն փրկելու առաջարկները՝ հալեպահայ մտավորականների տեսանկյունից

Վերջին տասնամեակներուն արեւմտահայերէնը գոյատեւման լուրջ վտանգներ կը դիմագրաւէ: Արեւմտահայերէնի պահպանութեան գլխաւոր կեդրոնները կը շարունակեն մնալ Պոլիսը, Պէյրութն ու Հալէպը: Սակայն պատմական այս գաղութներուն մէջ եւս բազմաթիւ ազդակներ արեւմտայերէնի յարատեւութեան կը սպառնան:

Լալա Միսկարյան-Մինասյան-Գրող, հրապարակագիր, մանկավարժ, դասախոս- «Արեւմտահայերէնի պահպանման հիմնական օջախները Միջին Արեւելքի գաղութներն են, որոնք ետեւ ետեւի կործանեցան, ասիկա թշնամիին կողմէ նաեւ ծրագրուած էր եւ միջոցները օգնեցին, որ մենք գաղթենք, որքան գաղութները կը պարպուին կը տկարանայ նաեւ այդ լեզուով խօսողներու թիւը»:

Վաստակաշատ հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Լալա Միսկարեան-Մինասեանը թէեւ ծագումով արեւելահայ է, սակայն տասնամեակներ շարունակ արեւմտահայերէն լեզու, քերականութիւն եւ գրականութիւն դասաւանդեց սփիւռքի մէջ եւ դարձաւ ուսանողներուն սիրելի ուսուցչուհին: Տիկին Լալան կը հաւատայ, որ լեզուի պահպանութեան հիմնական գործը կը սկսի տունէն, ընտանիքէն:

Լալա Միսկարյան-Մինասյան- «Քարէն Եփփէ Ճեմարանի մէջ, իմ դասաւանդած սերունդները բոլորովին ուրիշ տուներէ կու գային, ուրիշ միջավայրերէ կու գային, անոնք ջարդէն եկածներու թոռնիկներ էին, անոնց մէջ սէրն ու ինքնապաշտպանութեան բնազդը շատ զօրաւոր էր, հայեցի ոգին շատ զօրաւոր էր, եւ մեծ դժուարութիւն չէր անոնց ոգի տալը, որովհետեւ ինծի կը թուի, թէ լեզուն ամէն բանէ առաջ նաեւ ոգի է, եթէ մենք կրնանք պզտիկին ոգի ներշնչել անիկա պիտի գտնէ ինքզինք ձեւով մը հասունութեան տարիքին մէջ: Հիմա աստիճանաբար անկումը նկատելի է, նախ որ գաղութը շատ փոքրացաւ եւ նաեւ որակի իմաստով կորուստ ունեցաւ, որովհետեւ շատեր գաղթեցին եւ անոնց մէջ կային հայերէնի հետապնդող, մտաւորական ընտանիքներ»:

Սակայն երբ առօրեայ, կենցաղային, տնտեսական հեղձամահ ընող խնդիրները կը ներխուժեն ընտանիք պահողներու միտքերուն մէջ ապա լեզուին կարեւորութիւնը բնականաբար պիտի նուազի: Տիկին Լալայի խօսքով՝ ծնողքի համար ի վերջոյ նիւթականը ապահովելը եւ ընտանեկան կենցաղային հոգսերը մեծ դեր կը խաղան այս հարցին մէջ, մանաւանդ այսօր պատերազմէն ետք քիչերը լեզուի մասին պիտի մտածեն, ուրեմն կը նշանակէ լեզուի պահպանութեան հարցը կը մնայ նախ մտաւորականութեան վրայ, յետոյ դպրոցներու, ակումբներու վրայ: Ըստ մանկավարժի՝ թէ որքանով կը կատարուի ատիկա հոն ալ արդէն պէտք եղած ուժերու սակաւութիւնը առկայ է: Լեզուի կարեւորութիւնը բացատրելու համար տիկին Լալան կը մէջբերէ Կոստան Զարեանի խօսքերը եւ լուսարձակի տակ կ°առնէ լեզուն հարուածող գլխաւոր վտանգները:

Լալա Միսկարյան-Մինասյան- «Կոստան Զարեն կ՛ըսէ, որ լեզուն ներկայ է մեր մարմինի իւրաքանչիւր մասի մէջ, մեր մկաններուն մէջ, մեր ուղեղի ծալքերուն մէջ, մեր զգացումներու թրթռացումներուն, մեր արեան մէջ, լեզուն ամէն բանէ առաջ արիւն է կ՛ըսէ, իսկ արիւն ըսելով մենք կը հասկնանք հող եւ հայրենիք, երբ մենք կը հեռանանք մեր լեզուէն կամայ թէ ակամայ, գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ, երբ որ մենք կը ձգենք եւ կ՛երթանք Եւրոպական երկիրներ, Աւստրալիա, Ամերիկա, եւ այլն, ինչ որ տեղ մենք արդէն հայերէնը կը ծալենք եւ մէկդի կը դնենք, կամայ թէ ակամայ, որովհետեւ այդպիտի միջավայրերու մէջ մեծ աշխատանք կ՛ուզէ լեզուն պահպանելը, հետեւաբար մենք ոչ միայն մեր լեզուէն կը հրաժարինք, այլ մեր էութենէն կը՛հրաժարինք»:

Արեւմտահայերէնի սիրահար մանկավարժը, գրողն ու դասախօսը կը ցաւի արեւմտահայերէնի այսօրուան վիճակին համար: Ան քիչ մը յոռետես է, թէ ծանր վիճակներու մէջ ինչպէս պիտի պաշտպանուի արեւմտահայերէնը: Մասնագէտի կարծիքով՝ մենք սքանչելի ու անփոխարինելի բանաստեղծներ ունինք, որ ոեւէ ազգի մեծ պատիւ կը բերեն՝ Սիամանթօն, Վարուժանը, Թէքէեանը եւ շատ ուրիշ մեծեր ունինք, կը շեշտէ ան, որոնք այլեւս պիտի չընթերցուին: Տիկին Մինասեանը արեւմտահայերէն պահպանութեան գործին մէջ դեր կը վստահի նաեւ հայրենի պետութեան: Իսկ այս կարեւոր հարցի լուծման որպէս միջոցներէն մէկը ան կ՛առաջարկէ արեւմտահայերէնի մասին գիտելիքներ տրուի հայրենիքի դպրոցներուն եւ համալսարաններուն մէջ:

Լալա Միսկարյան-Մինասյան- «Հայաստանի մէջ, նախ դպրոցներու մէջ, նուազագոյն գիտելիքը տրուի արեւմտահայերէնի մասին, թէկուզ մէկ պահով տրուի, որպէսզի յետոյ երբ Հալէպէն կամ Պէյրութէն մէկը երթայ աշխատանք փնտռելու եւ հայերէն  խօսի չըսեն «հայերէն խօսայ, որ հասկանանք» այսինքն` պարզ խաւը տեղեակ ըլլայ, մտաւորականութիւնը գիտէ անշուշտ: Կարելի է յետոյ համալսարանի մէջ պաշտօնապէս դաս նշանակել: Այս մեր լեզուն է եւ մեր հարստութիւնն է, կը սպասուի այս բոլորը: Յուսանք, որ մեր պետութիւնը օր մը պիտի խորհի այս մասին, լրջօրէն, իրատես»:

Հալէպի Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի դասախօս եւ գրող պր. Լեւոն Շառոյանը յստակօրէն կը ներկայացնէ արեւմտահայերէնի նահանջի ժամանակագրական հանգրուանները: Անոր խօսքով՝ արեւմտահայերէնի նահանջի մասին խօսուիլ կը սկսի 1915-ի Մեծ Եղեռնէն անմիջապէս ետք, որովհետեւ Մեծ Եղեռնի օրերուն, արեւմտահայութեան կեդրոն՝ Պոլոսոյ մէջ ապրող ամէնէն երեւելի հայ մտաւորականները ձերբակալուեցան, աքսորուեցան, ապա նահատակուեցան եւ անկէ ետք ձեւով մը լեզուն անճիտուեցաւ:

Լեւոն Շառոյան- Գրող, մանկավարժ, դասախոս- «Քսանական թուականներուն այս երեւոյթին արձագանգը մեր գրականութեան մէջ ցոլացում գտաւ երբ Շահան Շահնուր 1929 թուականին հրատարակեց «Նահանջը առանց Երգի» վէպը եւ երբ ես ամէն անգամ որ այդ վէպը կարդացած եմ կամ այդ վէպի մասին արտայայտուելու կարիք ունեցած եմ, միշտ ալ ապշած եմ, որ ինչո՞ւ Շահնուր քսանական թուականներուն այդքան յոռետես էր մեր լեզուի ապագային նկատմամբ, որովհետեւ պէտք է նկատի ունենալ, որ քսանական թուականներուն Ֆրանսահայ գաղութը հայախօս գաղութ մըն էր, բազմաթիւ թերթեր, գրական հանդէսներ կը հրատարակուէին այնտեղ, եւ մանաւանդ, հոն կ°ապրէին Փարիզի տղաքը, նշանաւոր գրողներ, վերապրող երիտասարդներ, որոնք գագաթային բարձրութեան մը կրցան հասցնել մեր լեզուն եւ գրականութիւնը, ինչպէս օրինակ Շահնուրը, Վազգէն Շուշանեանը, Հրաչ Զարդարեանը, Նշան Պեշիկթաշլեանը Շաւարշ Նարդունին եւ ուրիշներ: Բայց ըստ երեւոյթին Շահնուրի ըրածը մարգարէացում մըն էր, որովհետեւ ան կանուխէն կանխագուշակեց, որ լեզուն քանի մը տասնամեակ ետք անպայման ընկրկումներ պիտի ապրէր եւ սպառնալիքներու երթակայ պիտի դառնար: Իսկապէս այդպէս պատահեցաւ, արեւմտահայերէնը իր առաջին ընկրկումները սկսաւ ապրիլ վաթսունական թուականներուն, իսկ իննիսունական թուականներէն ետք արդէն կը տեսնենք, որ արեւմտահայերէն անշքացած է, փետրաթափ եղած է եւ կրնամ համարձակօրէն ըսել, որ ճախճախուտի մը մէջ մտած է»: 

Պարոն Շառոյեանը արեւմտահայերէնի նահանջի չորս պատճառներ կը նշէ՝ դպրոցներու վիճակի, սփիւռահայ գրականութեան իրավիճակ, մամուլ եւ օտարախօսութիւն: Մտաւորականը կ՛ըսէ, որ առաջին հերթին այլեւս մենք մեր ամէնօրեայ դպրոցներուն մէջ հայերէն լեզուի ուսուցման սկսած ենք այնքան ալ կարեւորութիւն չտալ, որքան կու տայինք անցեալին: Ան կը յիշէ, որ անցեալին մեր հայկական երկրորդական վարժարաններէն շրջանաւարտները նոյնիսկ կրնային շատ հեզասահ եւ յաջող կերպով հայերէնի դասաւանդութեան ձեռնարկել նախակրթարաններուն մէջ, այսօր դժբախտաբար նոյն կացութիւնը չունինք, մեր հայկական երկրորդական վարժարաններէն շրջանաւարտներու կարեւոր մէկ տոկոսը բաւարար հայերէն չի գիտեր եւ նոյնիսկ չորս հինգ տող անսխալ գրելու լուրջ դժուարութիւն ունի կը հաստատէ ան: Մասնագէտի խօսքով՝ անցեալի փառաւոր հայ գրականութիւնն այսօր իր մայրամուտը կ՛ապրի, որովհետեւ գրողները, արձակագիրներ, բանաստեղծներ, գրեթէ չունինք մեր շուրջ, հրապարակի վրայ:

Լեւոն Շառոյան- «Սփիւռքահայ մամուլը արեւմտահայերէնի դպրոցներէն մէկը կը համարուէր, որովհետեւ այդ մամուլի գլխուն, ունէինք շատ պատկառելի խմբագիրներ՝ Անդրանիկ Ծառուկեան մը, Սիմոն Սիմոնեան մը, Վահէ Վահեան մը, Մինաս Թէօլէօլեան մը, Բենիամին Թաշեան մը, ասոնք ոչ միայն թերթ կը խմբագրէին, այլեւ իրենց թերթերու սիւնակներուն մէջ հայերէնի լեզուի դասընթացքներ կը բանային անուղղակի կերպով, երբեմն ալ ուղղակի կերպով: Այդ  թերթերուն մէջ մենք ունէինք նաեւ արեւմտահայերէնի ոստիկաններ, որոնք լեզուական, ուղղագրական բազմաթիւ նշումներ կը կատարէին եւ ճիշդ ուղղութեան վրայ կը դնէին լեզուի ուսուցումը: Մխիթարեան վարդապետներ կային, որոնք «Բազմավէպ»-ի էջերէն անդադար լեզուական օրէնքներ, ուղղումներ կը կատարէին: Այսօր այդ աւանդութիւնը գրեթէ անհետացած է հրապարակէն»:

Պարոն Շառոյեանի կարծիքով՝ արեւմտահայերէնի պահպանման այս գեր կարեւոր հարցի գործնական լուծումներ գտնելու համար երկրորդական վարժարանները այլեւս բաւարար չեն, մենք կարիքը ունինք հայագիտական հիմնակներու: Ան օրինակ բերաւ Լիբանանը, ուր ունեցած ենք Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկը, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Հիւսիսեան հայագիտական հիմնարկը, Հայկազեան համալսարանը եւ ուրիշ դասընթացքներ, որոնք դժբախտաբար վերջին տասնամեակին փակուեցան: Ըստ անոր՝ Հալէպը տուած է լաւագոյն օրինակը երբ շուրջ քսանհինգ տարիէ ի վեր Հալէպի մէջ կը գործէ Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկը եւ անոր բազմատասնեակ շրջանաւարտները այսօր սփիւռքի լայն տարածքի մը մէջ պաշտօնի վրայ են, որպէս ուսուցիչներ, թերթերու սրբագրիչներ, յօդուածագիրներ, եւայլն:

Լեւոն Շառոյան- «Կ՛ակնկալեմ, որ ընդհանուր զօրաշարժի մը ենթարկուի սփիւռքը եւ ամէնէն հայահոյծ գաղութներու մէջ հայագիտական հիմնարկներ հաստատուին կամ առնուազն դասընթացքներ բացուին, օրինակ՝ պէտք է Լիբանանի մէջ նման հաստատութին մը հիմնել, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանը արդէն վերջին քանի մը տարիներուն նախաձեռնութիւն մը յանձն առաւ եւ բացաւ նման դասընթացք մը, անիկա պէտք է զօրացնել եւ անոր ծրագիրը առաւել ճոխացնել: Հայագիտական հիմնարկներ պէտք է բացուին յատկապէս Պոլսոյ, Ֆրանսային, Յունաստանի եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ, որովհետեւ այս գաղութներուն մէջ մենք ունինք տասնամեակներէ ի վեր հայկական ամէնօրեայ վարժարաններու արմատացած ցանց մը, այդ վարժարանէն շրջանաւարտ մեր երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները եթէ հայերէն կը սիրեն, եթէ հայերէնի իրենց իմացութիւնը կ°ուզեն խորացնել ահաւասիկ կրնան դիմել այդ գաղութներու մէջ բացուած հայագիտական հաստատութիւններուն կամ դասընթացքներուն եւ խորացնել իրենց գիտելիքները»:

Պարոն Շառոյեանը բնաւ յոռետես չէ, ընդհակառակը մեծ յոյսեր ունի, որ քիչ մը աշխատանքով հարցը կրնանք լուծել: Ան կը  յիշէ յիսունական թուականները, երբ համատարած թրքախօսութիւն կը տիրէր Սուրիոյ եւ Լիբանանի մեր հայկական գաղութներուն մէջ: «Մենք կրցանք այդ թրքախօսութիւնը վանել եւ ետ հայախօսութիւնը վերադարձնել մեր տուներուն եւ շրթունքներուն: Նոյնը հիմա ալ կրնանք ընել»,- կ՛ըսէ պր.Շառոյանը:

Իսկ Սուրիոյ մէջ լոյս տեսնող հայկական միակ թերթի՝ «Գանձասար»-ի խմբագիր Զարմիկ Չիլաբօշյան-Պօղիկյանը՛ արեւմտահայ մամուլը արեւմտահայերէնի կարեւոր հարթակներէն մէկը կը համարէ:

Զարմիկ Չիլաբօշյան-Պօղիկյան- Հալեպի «Գանձասար» թերթի խմբագիր- «Լեզուն հոգեւոր արժէք է, կրնայ ըլլալ նիւթեղէն արժէքներէն աւելի տոկուն ոգեղէն արժէք է, որովհետեւ մենք ինչպէս որ տեսանք Սուրիոյ մէջ պատերազմը քանդեց շէնքներ, դպրոցներ, եկեղեցիներ, կառոյցներ, բայց ոգեղէն արժէքները մնացին, չեն կրնար այդ արժէքները եթէ մենք դերակատարութիւն չունենանք անոնց կորուստին մէջ»:

Խմբագիրը սփիւռքահայ երիտասարդութեան մօտ լեզուի նկատմամբ հետաքրքրութեան պակաս կը նկատէ, սակայն այս իրավիճակի պատասխանատուն միայն երիտասարդութիւնը չի համարեր:

Զարմիկ Չիլաբօշյան-Պօղիկյան- «Եթէ մենք ուզենք պահպանել, միջոցները կարելի է գտնել, եթէ մենք երիտասարդութեան սիրցնենք լեզուն հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ, արեւելահայերէնը եւ արեւմտահայերէնը երկուքն ալ մեր հարստութիւններն են, անոնց արժէք տանք պահպանելու միջոցները սերտենք, առնուազն ուղղագրութիւնը մէկ ուղղագրութիւն դարձնենք, աստիճանաբար մերձեցնենք արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի ճիւղերը կը կարծեմ, որ լեզուն չի կորսուիր, փաստօրէն, եթէ հարիւր տարի պահպանուէր է արեւմտահայերէնը առանց պետութեան կը նշանակէ, որ մենք կարելիութիւն ունեցած ենք այն պաշտպանելու»:

Իսկ որպէս հարցի լուծում տիկին Պօղիկեանը կը կարծէ, որ յաւելեալ կարեւորութիւն պէտք է տրուի այս խնդիրին առնչութիւն ունեցողներուն:

Զարմիկ Չիլաբօշյան-Պօղիկյան- «Նախ պէտք է կարեւորութիւն տրուի մտաւորականութեան, լեզուաբաններու, գրողներու, ինչ որ կը նկատենք ամէն մակարդակներու վրայ, թէ Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ, մտաւորականներու այդ անհրաժեշտ կարեւորութիւնը չի տրուիր, գրողներու, ուսուցիչներու, մամուլի, մամուլը պահելու: Մամուլը միայն լրատուամիջոց չէ, դժբախտաբար ներկայիս այդ դերակատարութիւնը պահուած է մամուլին, յատկապէս երբ տպագիր մամուլը սկսած է տեղի տալ առցանց մամուլին, առաւելաբար երիտասարդութիւնը մամուլին կը մօտենայ, որպէս քարոզչական հարթակ, ոչ այդպէս չէ, մամուլը նաեւ լեզու պահելու, մշակոյթ պահելու, լեզուամտածողութիւն զարգացնելու հարթակ է»:

Տիկին Լալան լեզուի կարեւորութիւնը շեշտադրելու համար մէջբերեց նահատակ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժան խօսքը, որ կ՛ըսէ «Մեզի համար, որ զանազան սպառնալիքներու տակ ինկած փոքր ազգ մըն ենք, որ պէտք ունինք մեր բոլոր տոհմային յատկութիւնները կեդրոնացնելու եւ զարգացնելու, մեզի համար կ՛ըսեմ, մեր լեզուն մատի ծայրերով բռնելը խիթալի ոճիր կը համարուի»:

 

Հեղինակ`Մարիա Գաբրիելյան
facebook icon twitter icon
Լրահոս
  • Կորեայի Հանրապետությունը կորոնավիրուսի դեմ պայքարին ուղղված մարդասիրական օգնություն է տրամադրել 15:1109 Մար, 2021
  • Եվրախորհրդարանը անձեռնմխելիությունից զրկել է Կատալոնիայի նախկին ղեկավար Պուչդեմոնին 15:0609 Մար, 2021
  • Լուրեր 15:00 | 09.03.2021 15:0009 Մար, 2021
  • Արտակ Դավթյանը նշանակվել է Հատուկ հանձնարարություններով ավագ սպա 14:5609 Մար, 2021
  • Արմավիրի մարզում կաշառք տալու և ստանալու, պաշտոնեական լիազորությունները չարաշահելու դեպքերի բացահայտումն աճել է 10.9 %-ով 14:5409 Մար, 2021
  • ԶՈՒ ԳՇ պետի տեղակալը քրեական գործի շրջանակում ներգրավված է որպես մեղադրյալ 14:4809 Մար, 2021
  • Գյումրու թիվ 27 միջնակարգ դպրոցում կատարված չարաշահումների գործով մեղադրանք է առաջադրվել 4 անձի 14:4209 Մար, 2021
  • Հռոմի Ֆրանցիսկոս Պապը Իրաքում այցելել է հայկական ու սիրիական եկեղեցիներ 14:3709 Մար, 2021
  • Բնության դեմ կատարված ցանկացած ապօրինություն պետք է պատշաճ արձագանք ստանա. ԲԸՏՄ 14:3109 Մար, 2021
  • Ֆերդինանդ Կարապետյանը՝ Տաշքենդի մրցաշարի բրոնզե մեդալակիր 14:2409 Մար, 2021
  • Հորդորում ենք ձեռնպահ մնալ անհեթեթ, ակնհայտ սուտ տեղեկատվություն տարածելուց. ՀՀ նախագահի աշխատակազմ 14:1809 Մար, 2021
  • Կանաչ էներգիան և գյուղատնտեսական նորագույն տեխնոլոգիաները Տավուշի մարզի դպրոցներում 14:0709 Մար, 2021
  • «Իմ քայլն» անում է ամենը գերիների վերադարձի և անհետ կորածների հայտնաբերման ուղղությամբ. Արթուր Հովհաննիսյան 13:5909 Մար, 2021
  • Շատ պայթյունավտանգ տարածաշրջանում ենք ապրում. Արման Եղոյան 13:5109 Մար, 2021
  • «Մարտի 1»-ի գործով դատական նիստը հետաձգվեց 13:4309 Մար, 2021
  • Արգելվել է փայտանյութի և դրանից պատրաստված որոշ ապրանքների արտահանումը ՀՀ-ից ԵԱՏՄ անդամ չհանդիսացող երկրներ 13:3709 Մար, 2021
  • Միջազգային հանրությունը պետք է պատասխանատվության ենթարկի Ադրբեջանի կառավարությանը. Բրեդ Շերման 13:3009 Մար, 2021
  • Եթե սա ընդդիմության քննիչ հանձնաժողովը չէ, ապա այդ հարցերից պետք է տեղյակ լինեն բոլոր անդամները. Ծովինար Վարդանյան 13:2409 Մար, 2021
  • Մեկնարկում է #ԲռնությունԼռությանՄեջ իրազեկման արշավը 13:1909 Մար, 2021
  • Արման Ալաբերքյանը կսպասարկի ֆուտզալի Եվրոպայի առաջնության որակավորման փուլի հանդիպում 13:1309 Մար, 2021
  • Ռոբերտ Քոչարյանի և մյուսների գործով դատական նիստ | ՈՒՂԻՂ 13:0809 Մար, 2021
  • Հայաստանը նորովի կառուցելու մեր տեսլականը պետք է շատ ակտիվ իրագործվի. վարչապետ 13:0509 Մար, 2021
  • Անցած 4 օրվա ընթացքում հանրապետությունում արձանագրվել է 61 ավտովթար 13:0309 Մար, 2021
  • Լուրեր 13:00 | 09.03.2021 13:0009 Մար, 2021
  • Վարչապետը ծանոթացել է Գավառի թիվ 2 միջնակարգ դպրոցում իրականացված վերակառուցման աշխատանքներին 12:5509 Մար, 2021
  • Գազիֆիկացվում են Ագարակ, Մեղրի և Լեհվազ բնակավայրերը 12:4909 Մար, 2021
  • Հայաստանի և Ճապոնիայի արդարադատության նախարարները քննարկել են հայ ռազմագերիների վերադարձի խնդիրները 12:4209 Մար, 2021
  • Արցախում կատարվել է 33 թեստավորում, կորոնավիրուսի նոր դեպք չի հայտնաբերվել 12:3709 Մար, 2021
  • Գեղարքունիքի մարզը սուբվենցիոն ծրագրերի մասով ամենաակտիվներից է. վարչապետը խորհրդակցություն է անցկացրել մարզպետարանում 12:3109 Մար, 2021
  • Պարզեցվել է էքսպրես-բեռների հայտարարագրման գործընթացը. ՊԵԿ 12:2509 Մար, 2021
  • Ավարտվել է Վազգեն Մանուկյանի կողմից իշխանությունը զավթելու և սահմանադրական կարգը բռնի տապալելու կոչերի առթիվ հարուցված քրգործի նախաքննությունը 12:1909 Մար, 2021
  • Քրեական գործեր՝ Շիրակի մարզի Զույգաղբյուր և Արեգնադեմ համայնքների նախկին ղեկավարների նկատմամբ. դատախազություն 12:1309 Մար, 2021
  • Սահմանային փոփոխությունների մասին լուրերը բոլորը միաձայն հերքում են. պատգամավոր 12:0809 Մար, 2021
  • COVID-19-ի հարցով ԱԺ քննիչ հանձնաժողովը լրացուցիչ հարցեր է ուղղել Կառավարությանը. Խաչատրյան 12:0409 Մար, 2021
  • Վրաստանում հաստատվել է կորոնավիրուսի 139 նոր դեպք, ապաքինվել է 129 պացիենտ 11:5909 Մար, 2021
  • ԵՄ-ը միջնորդ է նշանակել Վրաստանում քաղաքական ուժերի միջև երկխոսության համար 11:5309 Մար, 2021
  • Քիչ անց Ստեփանակերտի կենտրոնում կպայթեցվի կասետահրթիռային ռումբ. ԱՀ ԱԻՊԾ-ն հորդորում է խուճապի չմատնվել 11:4809 Մար, 2021
  • Հայ-ֆրանսիական համագործակցության հեռանկարները քաղաքացիական անվտանգության ոլորտում 11:4409 Մար, 2021
  • Զինծառայողների ապահովագրության հիմնադրամից հատուցում է ստացել զոհված ևս 121 զինծառայողի ընտանիք 11:3809 Մար, 2021
  • ՀՀ ՄԻՊ-ը հատվածներ է հրապարակել Ալիևի ելույթից 11:3309 Մար, 2021
  • Վազգեն Մանուկյանին առաջադրված մեղադրանքը լրացվել է. ՔԿ 11:2909 Մար, 2021
  • Կորոնավիրուսի հարցով ԱԺ քննիչ հանձնաժողովի նիստ | ՈՒՂԻՂ 11:2609 Մար, 2021
  • Արցախի նախագահի աշխատակազմում գործարկվել է 119 թեժ գիծը 11:2309 Մար, 2021
  • Ձյան պատճառով Արցախում ժամանակավորապես դադարեցվել են աճյունների որոնողական աշխատանքները 11:1709 Մար, 2021
  • Մեկնարկել է դրամաշնորհային մշակութային ծրագրերի մրցութաշրջանը. ԿԳՄՍՆ 11:1009 Մար, 2021
  • Թարմացում. 09.03.2021. Հաստատվել է կորոնավիրուսի 182 նոր դեպք, առողջացել 142 քաղաքացի 11:0009 Մար, 2021
  • Մեխիկոյում կանանց ցույցի ժամանակ տուժել է ավելի քան 80 մարդ 10:5809 Մար, 2021
  • Գորիս-Սիսիան ճանապարհահատվածում բուք է, տեսանելիությունը՝ 1 մետր 10:5209 Մար, 2021
  • Արցախում տեղացած առատ ձյունը երթևեկության հետ կապված լուրջ խնդիրներ չի առաջացրել. ԱՀ ՆԳՆ ԱԻՊԾ 10:4309 Մար, 2021
  • ԱԳՆ խոսնակն անդրադարձել է ՀՀ-ում ՅՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցչի պաշտոնավարումը դադարեցնելու որոշմանը 10:2709 Մար, 2021
  • Լուրեր 10:00 | 09.03.2021 10:0009 Մար, 2021
  • Հայաստանի և Կուբայի ԱԳ նախարարները հեռախոսազրույց են ունեցել 09:5709 Մար, 2021
  • Թթուջուր-Նավուր ավտոճանապարհը փակ է, Գորիս-Սիսիան ճանապարհահատվածում բուք է 09:4609 Մար, 2021
  • Արցախի մի շարք բնակավայրերում նախատեսվում են զենք-զինամթերքի վնասազերծման աշխատանքներ 09:3509 Մար, 2021
  • Դեսպան Տիգրան Բալայանը հանդիպել է Լյուքսեմբուրգի համալսարանի ռեկտորի, Էյշի քաղաքապետի և Ստարտափերի տան գործադիր տնօրենի հետ 09:2409 Մար, 2021
  • ՀՀ տարածքում կան փակ և դժվարանցանելի ավտոճանապարհներ 09:1109 Մար, 2021
  • Գյումրիի դրամատիկականում ավելի շատ կատակերգություններ կխաղան՝ հանդիսատեսին սթրեսից հանելու համար 08:5109 Մար, 2021
  • Փրկարարներն արգելափակումից դուրս են բերել 26 ավտոմեքենա, 37 քաղաքացու ցուցաբերել օգնություն 08:3009 Մար, 2021
  • Խորհրդային տարիների կանացի հագուստի և աքսեսուարների ցուցադրություն՝ Երևանի պատմության թանգարանում 08:1209 Մար, 2021
  • Մարտի 9-ի եղանակային կանխատեսումը 00:3009 Մար, 2021
  • TEDxMoskovyanST. նորարարական գաղափարների բաց հարթակ 00:2109 Մար, 2021
  • Լարսը փակ է բեռնատարների համար․ ռուսական կողմում կա մոտ 270 կուտակված բեռնատար 00:1009 Մար, 2021
  • Ապրիլի 7-ին ընդառաջ աճուրդի կհանվեն զինվորների ձեռքերով պատրաստված կոմպոզիցիաները 23:5908 Մար, 2021
  • Քոչարյանը և նրան սպասարկող պսևդոքաղաքական խմբակներն ու զինված բանդաները չեն կարող լռեցնել ճշմարտության ձայնը. Արման Բաբաջանյան 23:4808 Մար, 2021
  • Սահմանամերձ Ազատամուտի առօրյա հոգսերն ու ռազմավարական ծրագրերը 23:2408 Մար, 2021
  • Հայ կինը, որպէս մայր, եզակի կարեւորութիւն ունեցած է հայ ժողովուրդի մտածողութեան ու կեանքին մէջ. Արամ Ա 23:0608 Մար, 2021
  • Կայացել է սուսերամարտի Հայաստանի առաջնությունը 22:4908 Մար, 2021
  • Ադրբեջանում պահվող բոլոր հայերը ռազմագերի են. Հայաստանում Նիդեռլանդների դեսպան 22:3908 Մար, 2021
  • Նույնիսկ տոնական օրերին բժիշկներն «առաջնագծում» են 22:2408 Մար, 2021
  • Բարեմաղթանքներ և ծաղիկներ՝ Ստեփանավանի ամենատարեց բնակչուհուն 22:1208 Մար, 2021
  • Հարցազրույց Հայկ Չոբանյանի հետ 22:0008 Մար, 2021
  • Տավուշի մարզպետը հերքում է համացանցում տարածվող լուրերը, խոսում մեծածավալ ծրագրերի մասին 21:4908 Մար, 2021
  • Մարտ 8-ը 60 երկվայրկեանի մէջ 21:3708 Մար, 2021
  • Օրը՝ 60 վայրկյանում | 08.03.2021 21:3108 Մար, 2021
  • 2021թ. անսովոր Մարտի 8-ն աշխարհում 21:1908 Մար, 2021
  • Եվրապատգամավորները ԵՄ ղեկավարներին հայ գերիների վերաբերյալ հարցում են ուղարկել 21:1108 Մար, 2021
  • 12 հայտնի հայուհիների մասին բացառիկ ցուցադրություն Եղիշե Չարենցի տուն-թանգարանում 21:0808 Մար, 2021
  • Լուրեր 21:00 Գլխավոր թողարկում | 08.03.2021 21:0008 Մար, 2021
  • Շվեյցարիայում արգելվել է դեմքը ծածկող հագուստը 20:5808 Մար, 2021
  • ԵՄ-ն հստակ ներկայացրել է հայ գերիների խնդրի շուտափույթ լուծման անհրաժեշտությունը. ԵՄ դեսպան 20:5208 Մար, 2021
  • «Հայրենիքի փրկության շարժման» անդամները Բաղրամյան պողոտան բացելու մտադրություն չունեն 20:4708 Մար, 2021
  • Ավարտվեց Հռոմի պապի պատմական այցը Իրաք 20:4408 Մար, 2021
  • Արագածի տարածաշրջանում բուք է. կան փակ ավտոճանապարհներ 20:3908 Մար, 2021
  • Ճապոնացի պաշտոնյան հեռացվել է աշխատանքից քաղծառայողների վարքականոնները խախտելու համար 20:3208 Մար, 2021
  • Լոռու մարզպետն այցելել է Հայրենական մեծ պատերազմի մասնակից մի խումբ վետերան կանանց 20:1808 Մար, 2021
  • Սիրիայի նախագահը վարակվել է կորոնավիրուսով 20:0108 Մար, 2021
  • Արեգնադեմում հույս ունեն, որ երկրաշարժից 30 տարի հետո գյուղը դպրոցի շենք կունենա 19:4708 Մար, 2021
  • Արցախի բոլոր շրջաններում ձյուն է տեղում 19:3308 Մար, 2021
  • ԱՄՆ-ը արգելափակել է թուրքական ուղղաթիռների առաքումը Պակիստան 19:1908 Մար, 2021
  • Ինքնատիպ ցուցահանդես «Զանգակ» գրատանը. ներկայացնում են փոքրիկ ծաղկողները 19:0608 Մար, 2021
  • Լուրեր 19:00 | 08.03.2021 19:0008 Մար, 2021
  • Ճանապարհային ոստիկանների «թիրախում» կին վարորդներն էին․ շնորհավոր Մարտի 8 18:5408 Մար, 2021
  • Հայաստանում եղունգի լաքեր, խնամքի պարագաներ են արտադրում 18:4108 Մար, 2021
  • Շնորհավորանքներ Կանանց միջազգային օրվա կապակցությամբ 18:3208 Մար, 2021
  • Հունական կղզիներից մեկում կորոնավիրուս չկա 18:1908 Մար, 2021
  • Արցախում պետությանը 194 միլիոն դրամից ավելի վնաս պատճառելու կասկածանքով քրեական գործ է հարուցվել 18:1108 Մար, 2021
  • Վտանգավոր և դատապարտելի եմ համարում որոշ քաղաքական գործիչների անպատասխանատու հայտարարությունները. Լևոն Տեր-Պետրոսյան 18:0508 Մար, 2021
  • Նիդերլանդներն Ադրբեջանում պահվող բոլոր հայերին համարում է ռազմագերիներ. դեսպան 17:5808 Մար, 2021
  • Սաստիկ բքի և ցածր տեսանելիության պատճառով Սևանի տարածաշրջանի ավտոճանապարհները դժվարանցանելի են 17:4808 Մար, 2021
  • Լիբանանում բողոքի ակցիաները չեն դադարում 17:3908 Մար, 2021

Հեղինակային բոլոր իրավունքները պաշտպանված են

© 2021 1lurer.am

[email protected]։ Երևան, Նորք 0047, Գ․ Հովսեփյան փող., 26 շենք

+374 10 650015